ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան անասնաբուծութեան եւ տոհմային գործի վարչութեան պետ Աշոտ Յովհաննիսեանի, այս տարի Հայաստանի մէջ կ՛արտադրուի շուրջ 3 հազար թոն մեղր՝ անցեալ տարուան շուրջ 2500ին փոխարէն, իսկ մեղուներու ընտանիքներուն շարքը կը համալրուի 25-30 տոկոսով:
Յովհաննիսեանի հաւաստումով, սակայն, տակաւին չէ լուծուած մեղրի արտահանման խնդիրը, որուն ուղղութեամբ քայլերու կը ձեռնարկուին նաեւ օրէնսդրական դաշտին մէջ փոփոխութիւններ կատարելով: «Մուլթի Ակրօ» գիտական-արտադրական ընկերութեան կողմէ ձեռք բերուած է տարրալուծական սարք մը, որուն միջոցով տարբեր վայրերէ ստացուած մեղրը պէտք է վերածուի միատարր զանգուածի, ապա լեցուի առանձին ամաններու մէջ, պիտակաւորուի եւ համապատասխան փորձագիտական հետազօտութիւններէ ետք դէպի Եւրոմիութեան երկիրներ արտածելու արտօնութիւն ստացուի: