ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կոյրերու համար այս տարի հրատարակուած են բրալեան գիրքեր եւ ամսագիրներ, ինչպէս նաեւ պատրաստուած են գիրքերու ձայնագրութիւններ: Աշխատանքները իրականացուած են ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան «Ուշ տարիքում տեսողութիւնը կորցրած հաշմանդամների համար յատուկ տառատեսակներով գրքերի պատրաստում եւ «խօսող գրքերի» ձայնագրութեան ծառայութիւնների ձեռքբերում» ծրագիրի ծիրէն ներս։ Ըստ նախարարութեան Հաշմանդամներու եւ տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան մասնագէտ Քրիստինէ Յովհաննիսեանի, արդէն իսկ հրատարակուած են 11 բրալեան գիրքեր, 4 «խօսող գրքեր», իւրաքանչիւրէն՝ 10ական օրինակ: Տարուան ընթացքին տպագրուած են նաեւ ամսագիրներ: Ըստ Ք. Յովհաննիսեանի, բրալեան գիրքերը, ամսագիրներն ու ձայնագրութիւնները կը նպաստեն տեսողութեան խնդիրներ ունեցողներուն, եւ անոնց ուսուցման համար մատչելի պայմաններ ապահովելու գործին: Աշխատանքները կ՛իրականացնէ «Կոյրերի միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը, իսկ ծրագրի իրագործման համար Հայաստանի պետական ամավարկէն այս տարի յատկացուած է 11 միլիոն 700 հազար դրամ։