ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը Օգոստոս 4ին, պաշտօնական այցելութեամբ մը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ, հիւպատոսարանի Կլէնտէյլի նորահաստատ գրասենեակէն ներս:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փոլատեան խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ, որ հիւպատոսարանը ՀՕՄի Շրջանային կեդրոնին շատ մօտիկ է եւ աւելցուց. «Ուրախ եմ, որ հայութեան սիրտը եկած էք: Ասիկա առիթ պիտի ըլլայ, որ հիւպատոսութիւնը աւելի մօտէն ճանչնայ ամերիկահայ գաղութը, որուն մենք կը ծառայենք, մեր հայրենիքի օգնութեան կողքին»:
Այս առթիւ, Փոլատեան ՀՕՄի խորհրդանիշը եւ Արցախի «Մամիկ ու պապիկ» արձանին պատկերը կրող մետալ մը նուիրեց գլխաւոր հիւպատոս Յովհաննիսեանին:
Իր կարգին, Յովհաննիսեան խոստացաւ շուտով փոխադարձ այցելութիւն մը տալ ՀՕՄի կեդրոնատեղին, ուր նաեւ կը գտնուին ընկերային ծառայութեան եւ հոգեբանական կեդրոնները: