ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռովշէն Նասիրլի այն 43 ատրպէյճանցիներէն մէկն է, որ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին քուէարկած է Հայաստանը ներկայացնող Ինգա եւ Անոյշ Արշակեաններուն օգտին: Վերջերս զայն կանչած են Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւն, եւ բացատրութիւն պահանջած՝ իր ձայնը Հայաստանին տուած ըլլալուն համար: «Ըսին, որ ատիկա Ազգային անվտանգութեան հետ կապուած հարց է: Վրաս հոգեբանական ճնշում կը գործադրէին, «ի՛նչ է, դուն ազգ չունի՞ս: Ինչո՞ւ Հայաստանի օգտին քուէարկած ես» ըսին: Ինծի հարկադրեցին բացատրագիր գրել», պատմած է ան ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Ուլքեր Աքիֆքիզին:
Լովշէն Նասիրլի յայտնած է նաեւ, որ իր ձայնը Հայաստանի ներկայացուցիչներուն տուած է ի նշան դժգոհութեան՝ Ատրպէյճանը ներկայացնող Արաշի կատարումէն:
Ըստ ձայնասփիւռի կայանի եզրակացութեան, Հայաստանի օգտին քուէարկած Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն տուեալները Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան փոխանցողը եղած է «Azercell» ընկերութիւնը։
Իսկ ատրպէյճանցի իրաւապաշտպան Էվազ Հասանով նշած է, որ Հայաստանի օգտին քուէարկած ատրպէյճանցիները կանչելն ու հարցաքննելը բռնութիւն է քաղաքացիներու ընտրութեան իրաւունքին դէմ: Հասանով ընդգծած է, որ այդ քուէարկութիւնը ամբողջութեամբ երաժշտական բնոյթ ունէր եւ որեւէ ձեւով չէր վնասեր պետութեան հեղինակութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.