ԱՐՑԱԽ, «Հետք».- Օգոստոս 13ի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացնելով այս տարուան առաջին կիսամեակի ժողովրդագրական տուեալները՝ ԼՂՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պետ Մանուշ Մինասեան յայտարարած է, որ հանրապետութեան մէջ իրականացուող ծնունդի եւ բազմազաւակութեան խթանման ծրագիրները արդէն իսկ շօշափելի արդիւնքներ կու տան։
Ըստ Մ. Մինասեանի, Յունուար-Յունիսին, Արցախի մէջ ծնած է 1306 մանուկ (16 տոկոս աճ), մինչ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին՝ 1126:
Իրագործուող ծրագիրներուն իբրեւ արդիւնք, 2009ի առաջին կիսամեակին, ընտանիքներուն մէջ ծնած 3րդ եւ յաջորդ երեխաներուն թիւը՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 115ով:
Այս տարուան առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին գրանցուած է մահացութեան 634 դէպք, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ՝ 11.5 տոկոսով նուազ է:
Նոյն ժամանակահատուածին գրանցուած ամուսնութիւններուն թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ, նուազած է 88.1 տոկոսով, իսկ ամուսնալուծութիւններուն թիւը՝ 29 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.