ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պատմութեան դժբախտ պարտադրանք. հայ ազգը կը գոյատեւէ երկու թեւերով, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք: Զգացական հայրենասիրութիւնը ինքզինք շնչահեղձ կ՛ընէ բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Շնչահեղձ կ՛ընեն նաեւ, անմիջականի հետապնդումով, ազգային ինքնուրոյն քաղաքականութեան մը սահմանումը եւ այդ ուղղութեամբ ազգային-հեռանկարային նախաձեռնութիւնները, որոնք «մանեւր» չըլլան, այլ բխին ազգային համապարփակ գաղափարախօսութենէ, որուն լոյսին տակ հաստատուին գործակցութիւն եւ աշխատանքի բաժանում:
Ցարդ կարելի չեղաւ, ղեկավարութիւններու մակարդակին այս խնդիրը քննել, առանց աչքի կապանքներու եւ առանց զգացական ու պատահական կարծիքներու: Կրկին յիշենք Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները, որոնք երեւելիական եւ յուզումներու տրամադրուող զբօսաշրջութենէ անդին չանցան: Միակ նախադրեալը, երեւութապէս հասկնալի եւ ընդունելի համարուողը, «հայ ազգ» հասկացողութիւնն է, թէեւ, եթէ պեղենք, կը տեսնենք որ անոր մէջ ոչ նոյն բանը կը դնենք ոչ նոյն բանը կը տեսնենք: Պատճա՞ռը. տեղայնական հոգեբանութիւնը եւ իշխանութիւններու մակարդակին դեռ տեւող ժամանակավրէպ տեսակ մը աւատապետութիւնը, որ կը սիրէ յաւերժանալ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը անշրջանցելի իրողութիւն է: Բայց ան «Հայաստան»ը չէ, ինչպէս ըսուեցաւ բազմիցս՝ «հողակտոր» է զոր պէտք է փրկել եւ անտեղի կերպով չսիրել «պատմական հայրենիքը»: Հակառակ ցարդ շարունակուող անբնական, անհեթեթ ու պարտադրուած երկու ըլլալու կացութեան, ազատագրուած Արցախը մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան: Մանաւանդ որ, եթէ չենք մոռցած, այդ միացումը քուէարկուած եւ ընդունուած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի ինքնավար հանրապետութիւններու Գերագոյն Խորհուրդներու միացեալ նիստին, եւ այդ ճիշդ որոշումը ջնջող այլ որոշում չէ կայացուած:
Նոյնքան անշրջանցելի իրողութիւն է Սփիւռքը, որ իր ծնունդով բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի շարունակութիւնն է, իրողութիւն՝ զոր այլեւս դադրած ենք յիշելէ եւ յիշեցնելէ, մենք մեզի եւ ուրիշներու յիշեցնելէ, որուն տեսական-վիճակագրական համրանքը կ՛աճի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ի վեր, նաեւ, հարկ է անվարան ըսել եւ կրկնել, ի հեճուկս Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան. մտահան պէտք չէ ընել աղէտ-արտագաղթը: Ինչ ալ ըլլան պայմանները, երեւոյթը բացասականութիւն ըլլալէ չի դադրիր: Զարմանալի է որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, փերեզակի հաշիւներով, այդ երեւոյթը աղէտ չի համարեր, հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերէ, համակրանքով կը հետեւի, այդ նոր Սփիւռքը եկամտաբեր աղբիւր համարելով:
Տեսական է «Սփիւռք» եզրը, անոր բաղադրամասերը տարբեր բնոյթ ունին, զայն բաղկացնողները տարբեր տեսիլքներ ունին: Նոր Սփիւռք ըլլալու պատճառները մօտաւոր անցեալին բաղդատած, նոյն երակէն չեն գար, այսինքն ազգային նոյն բովանդակութիւնը չունին, հետեւաբար չեն կրնար նոյն հեռանկարներով առաջնորդուիլ, եթէ ի հարկէ կան, բաժակաճառէ եւ բարեսիրականէ անդին, ազգային հեռանկարներով առաջանորդուող առաջադրանքներ: Հակառակ բաժակաճառային տրամադրութիւններու, «հին» եւ «նոր» սփիւռքները չունին գոյացման եւ գոյութենական հասարակ յայտարար: Հարցերը այս ձեւով չտեսնել ազգը կը տանի սխալ ճամբաներով, որոնց վերջին հանգրուանին ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ո՛չ ընդունուած բացատրութեամբ Սփիւռքը, դրական եզրակացութիւններու չեն յանգիր, ինքնախաբէութեամբ հեռանկարային քաղաքականութիւն չի հետապնդուիր: Մտաւորական պարկեշտութեամբ եւ ազգային գաղափարախօսութենէ մեկնելով եթէ չքննուին հարցերը, պատմութիւնը եւ անոր վճիռը կ՛ըլլան անողոք:
«Սփիւռք» ձուլող եւ ընդհանրացնող տարազին տակ կային եւ կան զանազանութիւններ, որոնք այսօր կը շեշտուին մերօրեայ վայրագ արտագաղթին բերումով, նոր գունաւորում կը ստանան: Սփիւռքի դասական հայապահպանումը, որ սա կամ նա ձեւով, առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ, զանգուածները պահեց ազգային աւազանի մէջ, այսօր կ՛անտեսուի, եւ այդ անտեսումը կ՛արդարացուի զանազան լեզուագրութիւններով: Հետեւաբար, կրնանք փորձուիլ եւ ըսել թէ ընդհանուր տարազին տակ կան «սփիւռքներ», դասական հայրենակցական եւ ըստ երկիրներու բազմերանգութեան, չենք վարանիր ըսելու, որ կայ, նոր Սփիւռք մը, որ իր կարգին քանի մը անգամ յոգնակի է. արտագաղթած հայրենադարձներու Սփիւռքը, Հայաստանցիներու Սփիւռքը, բայց նաեւ Արցախի, վիրահայերու, ռուսահայերու, եւ կամ այլոց «սփիւռք»ները: Այս «սփիւռքներ»ը կը տարբերին իրենց ծնունդի պատճառներով, բայց նաեւ ազգային-քաղաքական եւ մշակութային ենթահողով: Սովորական դարձած «սփիւռք» եզրը այլեւս չի բացատրեր հայկական նոր կացութիւնը: Հետեւաբար չենք կրնար խօսիլ ինքնուրոյնութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր կռթնած հասարակաց սահմանում տալ, քաղաքականութիւն մշակել եւ ըստ այնմ գործել:
Այս այլեւս բազմերանգ եւ տարբեր դրդապատճառներով կազմուած եւ կազմուող «սփիւռքներ»ը պէտք է որ պատասխանեն հետեւեալ հարցումներուն.
ա. Կ՛ուզե՞ն գոյատեւել որպէս ազգային ուրոյն հաւաքականութիւն:
բ. Այդ ազգային ուրոյն հաւաքականութիւնը ինքնիրեն ի՞նչ դեր կը սահմանէ հայ ազգի լինելութեան գիծին վրայ:
գ. Առանց հռետորական ինքնախաբէական թափահարումներու, «սփիւռքներ»ը կարելի՞ է խմբել հասարակաց մշակութային եւ քաղաքական առաջադրանքներու շուրջ:
դ. Եթէ ըլլան նման առաջադրանքներ, անոնց հետապնդումը եւ իրականցումը տեղի պիտի ունենայ ինքնակառավարմա՞ն եղանակով թէ արձագանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ եղած ճշդուած ուղղութիւններու եւ թելադրութիւններու:
ե. «Սփիւռքներ»ը, անկախաբար Հայաստանի Հանրապետութեան վարքագիծէն, իրենց առջեւ պիտի ունենա՞ն բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեան եւ վերադարձի խնդիրները, որպէս ընդհանուր գաղափարախօսութիւն:
զ. Հայու ինքնութեան առանցքին գտնուող լեզուն եւ հայերէնախօսութիւնը ինչպէ՞ս պիտի պահուին եւ զարգանան, դառնան մշակոյթ ժառանգող եւ կրող:
Այս վերքաղաքական եւ վերկուսակցական խնդիրները չեն զբաղեցներ հայկական կազմակերպութիւնները, որոնց օրակարգի կէտերը վարչական, տնտեսական, մրցակցական եւ դիրքապաշտական են, եւ դեռ՝ անցեալին ապազգային հանգանակներէ սերմանուած պառակտումներու տուրք տուող, կարծէք ժամանակը սառած ըլլայ, ինչ որ կը մղէ ըսելու որ «ղեկավարում»ի տագնապ կայ, որուն հետեւանքները լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:
Այս կացութիւնը չի պայծառանար կախարդական ճիպոտով, գեղեցիկ խօսքով: Հարկ է, առաջին հերթին, ինքնաշնորհուած իրաւունքներու գերանցումով, հաստատել լայնածիր երկխօսութիւն, – որ մենախօսութիւն չըլլայ, – բոլոր մակարդակներու վրայ, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու: Հոս կը սկսի հարազատ, հայկական ենթահող ունեցող, անկաշառ, անկաշկանդ եւ յանդուգն մտաւորականութեան դերը, դերը հայ մամուլին, անմիջականէն չմեկնող եւ հեռանկար ունեցող, նոյնիսկ երբ ան կը պատկանի այս կամ այն կողմին: Հայաստան եւ «սփիւռքներ»…
Չ՛ընենք այնպէս որ Արտաւազդ թագաւոր մը գայ եւ ըսէ թէ ինք ինչպէս պիտի թագաւորէ աւերակներու վրայ:
Արդի աշխարհի բրական կացութիւնն է սա մէկը որ սկսած է իր առաջին օրինակները տալ տասնըիներորդ դարուն երկրորդ կէսին երբ Ամերեկա Միացեալ Նահանգները և նման նոր աշխարհի երկիրներ սկսած են ընդունիլ գաղթականներ: Նոյն շրջանին Իրլանտա, Իտալիա և այլ երկիրներ ունեցած են մեծաքանակ գաղթականներ որոնք լքած են իրենց ծննդավայրերը ապահուելու համար իրենց բարելաւ ապագայ մը:Աւելի վերջ այս առշաւին մասնակցած են Յոյները, Հայերը, Գերմանացիները, Վրացիները, Բօլօնիացիք:
Որով սփիւռքը պատրաստող իրականութիւններէն միայն մէկն է այն ինչ որ պատահած է աnցեալ դարասկիսբին:
Ըստ իս պէտք է նկատի առնել տնտեսական և ընկերվառական իրականութիւններն ալ:
Րաֆի Պիլալ