ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ.Էյ.Էմ.».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի կարծիքով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի նշանակումը Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին, կրնայ ազդարարել ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւնը տարածաշրջանէն ներս:
Բաբայեան «Թերթ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի մէջ նախապէս նշանակուած ԱՄՆ դեսպաններուն, Պրայզա ունի իւրայատկութիւն մը. ան անձնական ջերմ յարաբերութիւններ ունի տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
«Սա շատ մեծ նշանակութիւն ունի այն առումով, որ առաջին անգամ ԱՄՆ դեսպանը Ատրպէյճանում կարող է տանել ինտէգրացիոն (միաձուլող-Խմբ.) գործընթացներ՝ օգտագործելով անձնական կապերը», յայտնած է Բաբայեան:
Ըստ նախագահի խօսնակին, Մէթիու Պրայզա Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը երբ ստանձնէ, պէտք է հաւասարակշռուած դիրքորոշում ունենայ, թէեւ «արդեն իսկ հասցրել է որոշ թերութիւններ թոյլ տալ», (նկատի ունի Պրայզայի ծաղկաձորեան ատրպեճանամէտ յայտարարութիւնները): Այս առումով, Դաւիթ Բաբայեան նկատած է, թէ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար Պրայզան օգտագործել Վրաստան-Ատրպէյճան կամ Վրաստան-Հայաստան, քան ատրպեճանա-ղարաբաղեան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
Պրայզայի դեսպան նշանակումը Դաւիթ Բաբայեանը որակած է՝ «բաւականին հետաքրքիր եւ կարեւոր զարգացում», իսկ ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբէն ներս Պրայզայի փոփոխութեան, ապա մամլոյ խօսնակը ընդգծած է, թէ տակաւին պարզ չէ՝ այդ պաշտօնին վրայ ո՞վ կը փոխարինէ Պրայզան:
Յիշեցնենք, որ երէկ յայտարարուած էր, որ դիւանագէտ Թինա Քէյտընաուն, որ աշխատած է Քոսովոյի եւ Սարաեւոյի մէջ, պիտի փոխարինէ Մէթիու Պրայզան՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալի պաշտօնին վրայ:
«Թերթ»ի թղթակիցը Թինա Քէյտընաուով Մէթիու Պրայզան փոխարինելու մասին հարց տուած է մէկ այլ փորձագէտի: Այս վերջինը յայտնած է, որ Թինա Քէյտընաուի նշանակումը իբրեւ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ, անպայման չի նշանակեր, որ ան պիտի գրաւէ նաեւ Մինսկի խումբի համանախագահի պաշտօնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.