ՔՈՒԷՅԹ.- Քուէյթի պաշտօնական աղբիւրները Երեքշաբթի օր յայտնեցին, թէ ձախողութեան մատնուած է «Քայիտա»ի անդամներու կողմէ Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան զօրակայանին դէմ յարձակում մը։
Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան, ապահովական ուժերը ձերբակալած են վեց քույէթցիներ, որոնք կը ծրագրէին Արֆճան զօրակայանին, ապահովական գրասենեակներու եւ կառավարական այլ շէնքերու դէմ յարձակում մը։
«Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը յայտնեց, որ յարձակումին թուական ճշդուած էր 20 Օգոստոսը։
«Քայիտա»ի ծրագիրը բացայայտնուեցաւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմատ Սուպահի 3 Օգոստոսին Ուաշինկթըն այցելութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.