ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թեթեւ քաշային կարգի մասնագիտական բռնցքամարտի աշխարհի բացարձակ ախոյեան, Հայաստանի մարզիկ Վիկ Դարչինեանը Դեկտեմբերին պիտի մասնակցի բռնցքամարտի համաշխարհային խորհուրդի, WBC վարկածով, պաշտպանելու իր ախոյեանի տիտղոսը մեքսիքացի Թոմաս Ռոխասի հետ մրցամարտով:
Այս մասին Օգոստոս 10ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Վ. Դարչինեանի ղեկավար Էլիաս Նասէրը՝ նշելով, որ Դարչինեան ի վիճակի չէ աւելի կանուխ մասնակցելու այդ մրցամարտին, քանի որ տակաւին պէտք է ապաքինուի վերջերս ափրիկեցի Ճոզէֆ Ակպբեքոյի հետ մրցամարտին ստացած վնասուածքներէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.