ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա վերջերս Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի յանձնաժողովի (LAWA) անդամ նշանակած է Սէմ Նազարեանը՝ զայն համարելով շրջանի օդակայանները դէպի 21րդ դար առաջնորդող լաւագոյն տարրերէն մէկը:
Եօթը հոգինոց յանձնաժողովը, Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին (LAX) կողքին, պատասխանատու է նաեւ շրջանին մէջ գործող շարք մը այլ օդակայաններու գործունէութեան:
Սէմ Նազարեան հիմնադիր ու գլխաւոր տնօրէնն է ճաշարաններու, պանդոկներու, զբօսավայրերու եւ կալուածներու առուծախով զբաղող «SBE» խմբակին: Ան նաեւ կը զբաղի շարժապատկերի արտադրութեամբ: