ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կաթողիկոսարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2009ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանի հետ, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ: Վեհափառ հայրապետին կողքին, նշեալ հանդիպումին ներկայ եղած են Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան:
Վեհափառ հայրապետը անդրադարձած է երեք հիմնական կէտերու.

1. Ան տեղեկացուց նախագահը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լայնատարած կառոյցին մասին, իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, վարչակազմակերպչական դրութեամբ ու թեմերով: Այս ծիրէն ներս վեհափառը շեշտեց, թէ մեր եկեղեցին, Լիբանանի եւ կարգ մը երկիրներու մէջ չէ պարփակուած միայն. ան ներկայութիւն է իր կազմակերպ համայնքներով ու յարաբերութիւններով, զանազան շրջաններէ ներս:
2. Վեհափառը անդրադարձած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական միջազգային յարաբերութիւններուն, եւ այդ շրջագիծէն ներս նաեւ՝ պետական-քաղաքական կապերուն: Խօսելով այս մասին՝ վեհափառը յայտնած է, թէ անցնող ամիսներու ընթացքին ինք հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ, Իրանի, Իտալիոյ, Կիպրոսի նախագահներուն եւ այլ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ Պենետիքթ պապին եւ քրիստոնեայ թէ այլ կրօններու հոգեւոր պետերու հետ: Ան նաեւ ըսած է, թէ մասնակցած է միջազգային համագումարներու եւ իր խօսքը ուղղած զանազան առիթներով: Հակիրճ կերպով անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութիւններուն՝ նորին սրբութիւնը յայտնած է, որ Լիբանանը կարեւոր տեղ ունեցած էր իր հանդիպումներուն ու խօսակցութիւններուն մէջ:
3. Խօսելով Լիբանանի այժմու կացութեան մասին՝ վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ իր համայնքին երեսփոխանները ու նախարարները ընտրական զանազան ցանկերուն ու քաղաքական կողմերուն մէջ կը գտնուին, սակայն հայ համայնքը վեր է բոլոր կողմերէն եւ միշտ եղած է ու կը մնայ Լիբանանի կողքին, հանրապետութեան նախագահին ճամբով արտայայտուած օրինականութեան, ու պետականութեան հետ՝ միաժամանակ սիրալիր ու յարգալիր յարաբերութիւն ունենալով բոլոր համայնքներուն ու կողմերուն հետ:
Նախագահ Սլէյման, իր կարգին, տեղեակ պահած է վեհափառ հայրապետը Լիբանանի ներկայ կացութեան զանազան երեսներուն, կառավարութեան կազմութեան առնչուած հարցերուն, ու միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանի իրագործած կարեւոր յաջողութիւններուն մասին: Նախագահը նաեւ իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը յայտնած է, որ վեհափառ հայրապետը միջազգային իր յարաբերութիւններուն մէջ միշտ յատուկ տեղ տուած է Լիբանանին: Ան միաժամանակ գնահատած է Լիբանանի հայ համայնքին դրական ու գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի ծաղկումին ու յառաջդիմութեան:
Նշենք, որ Անթիլիասէն ստացած մէկ այլ հաղորդագրութենէ կը տեղեկանանք, որ Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2009ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունելով պաղեստինեան պատուիրակութիւն մը՝ յիշեցուցած է, թէ հայ ժողովուրդը ամէն տեղ միշտ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Պաղեստինեան դատին, որովհետեւ անիկա արդարութեան դատն է, ի խնդիր պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման: Պաղեստինեան բոլոր կողմերը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ իսլամ կրօնաւորներու խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն, եկած էին վեհափառին մօտ յառաջիկայ շաբաթ Պաղեստինեան դատին զօրակցութեան համար տեղի ունենալիք ձեռնարկին իր օրհնութիւնը ստանալու: