ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ.Էյ.Էմ.».- Ղարաբաղի խորհրդարանի ընդունած նոր օրէնքին համաձայն, բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններէն կը պահանջուի վեց ամսուան ընթացքին վերագրանցուիլ կառավարութեան Կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով վարչութեան մօտ:
Նշեալ պահանջով ԼՂ իշխանութիւնները մերժած են «Եհովայի վկաներ» աղանդի եւ «Կրակի վերածնունդ» ոչ աւանդական կրօնական միաւորման գրանցումը։
Իշխանութիւնները նշեալ միաւորներուն նաեւ արգիլած են Ղարաբաղի տարածքին օրինական գործունէութիւն ծաւալել, բնակչութեան հանդէպ անոնց ունեցած «հոգեբանական ներգործութեան միջոցներ»ու օգտագործման պատճառով:
Պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Արցախին համար, աղանդաւորական այս շարժումները չափազանց վտանգաւոր են:
Նշեալ աղանդներու ներկայացուցիչները յայտնած են, թէ իրենք՝ իշխանութիւններուն կողմէ իրենց գրանցումը մերժելու փաստին համար պիտի բողոքեն դատարան:
Nice article.