ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2009ին, Պիքֆայայի Հայրապետական ամարանոցին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Յոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ աշխարհականներու լիկան՝ գլխաւորութեամբ պատրիարքական փոխանորդ Միշէլ Իպրէս եպիսկոպոսի: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար 10 անձերէ, որոնք աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցան վեհափառին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերը ընդգրկեցին Եկեղեցի-ընկերութիւն փոխյարաբերութեան, եկեղեցիներու միջեւ փոխգործակցութեան եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաշեշտումի թեմաները:
Վեհափառ հայրապետը գործունէական շարք մը երեսներ ընդգծեց եկեղեցւոյ համար, ներկայ աշխարհի տագնապներու լոյսին տակ, թէ՝ ի՞նչ ձեւով կարելի է ծաղկեցնել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ժողովուրդներու կեանքէն ներս, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է շեշտել եկեղեցւոյ դերը ընկերութեան կեանքին մէջ, նկատի ունենալով անոր դրական ու ժխտական բոլոր անդրադարձները, եւ թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է զանազան բնագաւառներէ ներս, եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան նոր ծաւալ տալ:
Յոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ լիկան առաջարկեց վեհափառին, որ յատկապէս Հայ եկեղեցւոյ հետ փոխադարձ գործակցութեան նոր գործընթաց մը ճշդուի, նորին սրբութեան ցոյց տուած ուղղութեամբ եւ առաջնորդութեամբ: