ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ կը նկարահանուի «Հայոց Արեւելից կողմերի պատմութիւն. Արցախ» փաստավաւերագրական, գիտահանրամատչելի շարժանկարը։ Արցախի պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ հնագոյն ժամանակներէ մինչեւ մեր օրերը շարժանկարային շարքը թիւով 15 է, եւ կը պատրաստուի հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:
Ըստ շարժանկարի շարքի գլխաւոր արտադրիչ Աիդա Ահարոնեանին, նկարահանման առաջին աշխատանքները սկսած են գարնան եւ պիտի ցուցադրուին հեռուստատեսութեամբ, իսկ DVD սկաւառակներով պիտի տարածուին արտերկիր։
Շարժանկարի պատրաստման աշխատանքներուն մէջ պիտի ներգրաւուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մտաւորական ներուժի ամենակարկառուն դէմքերը: