ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր մարզական հարցերու պետական կոմիտէին, վերջերս Երեւանի մէջ իրականացուող «Քինկ-Պոքսինկ»ի Եւրոպայի առաջնութեան մասնակցող արցախցի մարզիկները հասած են մեծ յաջողութեան: Առաջնութեան կը մասնակցէին ԼՂՀի, Վրաստանի, Պարսկաստանի, Ռուսիոյ, Երեւանի եւ ՀՀ մարզերու 8-10 եւ 18էն բարձր տարիքի մարզիկներ:
ԼՂՀ մասնակիցներ Ալեքսան Աղաբալեանը (18էն բարձր տարիքային խումբէն, մինչեւ 55 քլկ քաշային կարգ) եւ Դաւիթ Խաչատրեանը (8-10 տարիքային խումբէն, 40 քլկ եւ աւելի քաշային կարգ) գրաւած են առաջին տեղը եւ արժանացած՝ Եւրոպայի ախոյեանի կոչման: