ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայրաքաղաքի գրասէր հասարակութիւնը Յուլիս 31ին վերջին հրաժեշտը տուած է Յուլիս 28ին մահացած բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Արմէն Մարտիրոսեանին:
Հրաժեշտի պահուն հանդէս եկած են բանաստեղծներ Էդուարդ Միլիտոնեան, Ֆրունզիկ Կիրակոսեան, Վահրամ Թաթիկեան, Երուանդ Պետրոսեան եւ արձակագիր Վահագն Մուղնեցեան:
Վերջին հրաժեշտ տուած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Կամօ Արէյեանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Մուրադեանը, ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեանը, պաշտօնատար այլ անձեր, գրականութեան եւ արուեստի գործիչներ, որոնք իրենց վշտակցութիւնը յայտնած են հանգուցեալի հարազատներուն:
Ա. Մարտիրոսեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան հայ մշակոյթի գործիչներու նոր պանթէոնին մէջ: