ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ապրիլ 22, 2009ին ստորագրուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման «ճանապարհային քարտէս»ի հիման վրայ ընթացք առած թրքական դիւանագիտութիւնը իր երկրորդ, եւ թերեւս ամենավտանգաւոր, յաջողութիւնը արձանագրեց Յուլիս 10, 2009ին, երբ Մինսկի խումբի համանախագահները հրապարակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման մասին իրենց միացեալ յայտարարութիւնը:
Այդ յայտարարութեան առաջադրած այսպէս կոչուած «հիմնական սկզբունքներ»ուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի «շրջակայքի հողատարածքները – իմա՝ ազատագրուած հողատարածքներ- կը վերադարձուին ատրպեճանական վերահսկողութեան, Լեռնային Ղարաբաղին համար կ՛որոշուի միջանկեալ կարգավիճակ, որ ապահովէ անոր անվտանգութիւնն ու ինքնավարութիւնը, Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը իրարու կապող հողային միջանցք մը կը հաստատուի, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշումը կը յետաձգուի ապագային, բոլոր գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն իրաւունք կը տրուի վերադառնալու իրենց բնակավայրերը, եւ կը տրուին անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, որոնք կրնան ներառել խաղաղապահ առաքելութիւն մը: Պարզ է, որ երկարաժամկէտ իմաստով, «հիմնական սկզբունքներ»ու այս բանաձեւումը Արցախի եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը խիստ խոցելի կը դարձնէ թուրք-ատրպեճանական շարունակուող սպառնալիքին դէմ յանդիման:
Ճիշդ է, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Յուլիս 17ի աւելի քան երեք ժամուան հանդիպումը Մոսկուայի մէջ, բարեբախտաբար չյանգեցաւ այդ «հիմնական սկզբունքներ»ու մեկնակէտով համաձայնութեան մը ստորագրման: Անշուշտ, նոյնիսկ եթէ երկու նախագահները համաձայնագիր մը ստորագրէին, անոր վաւերացումը երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, կամ, ընդհանրապէս, դրական ընկալումը իրենց հանրային կարծիքին կողմէ աւելի քան հարցական էր: Այդուհանդերձ, փաստ է, որ թրքական դիւանագիտութիւնը շատ յստակօրէն ձեւաւորուած, բազմակողմանի եւ նպատակասլաց ծրագիրի մը համաձայն կը գործէ, մինչ հայկական դիւանագիտութիւնը չի յաջողիր քայլ պահել անոր հետ, հակադարձել ի հարկին, եւ տակաւին չխօսինք Անգարայի քայլերուն առաջքն առնելու մասին… Հայկական դիւանագիտութեան կաշկանդուածութեան փաստը տուաւ նոյնինքն արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան՝ համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան ողջոյնի իր նախաձեռնութեամբ: Այլ պայմաններու մէջ նախարարի խօսքը կրնար ներողամիտ ժպիտով մը ընկալուիլ, նկատուիլ անուշադրութեան հետեւանք սրբագրելի սխալ մը: Ներկայի դրութեամբ, սակայն, այն միայն կ՛արտացոլէ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» իրերայաջորդ ձախողութիւններու տրամաբանութեան շարունակումը, որուն, դժբախտաբար, գիտակցելու տրամադրութիւն չունին ոչ ինք՝ Նալպանտեան, ոչ ալ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ներկայ իրավիճակը ողբերգականօրէն հեգնական կրնայ թուիլ, եթէ նկատի ունենանք, որ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» նախագահ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնն էր: Նկատի ունենալով առած քայլին ենթադրած ռիսկը՝ համաձայնիլ, որ Ցեղասպանութիւնը երկկողմանի քննարկման առարկայ ըլլայ, պէտք էր ենթադրել, որ նախագահը, իբրեւ լաւ ճատրակ խաղացող, արդէն նախատեսած էր յաջորդ քայլերը, գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր: Ճիշդ է, որ ան յաջողեցաւ շահիլ արտաքին, Արեւմուտքի համակրանքը, եւ ուրեմն մեղմացուց Ուաշինկթընէն թէ Պրիւքսէլէն իրեն վրայ եղած ճնշումը: Բայց, բացառապէս, արտաքին-ռազմավարական իմաստով ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել իր քայլը, ի՞նչ էր անոր ետին իսկական հաշուարկումը, եթէ իսկապէս նման հաշուարկում կար եւ քայլը առնուած չէր բախտախաղի հոգեբանութեամբ:
Կրնայ ըլլալ որ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» նպատակ կը հետապնդէր հայ-թրքական ճակատին վրայ ճնշումն ու լարուածութիւնը մեղմացնել՝ ամրապնդելու համար արցախեան հիմնախնդիրի մէջ հայկական կողմի դիրքերը: Այլ խօսքով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հանգուցալուծումը ի գին Ցեղասպանութեան եւ հողային պահանջատիրութեան զիջումներուն, կրնար յանգիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը նուազագոյն զիջումներով կարգաւորելու: Ճիշդ է, Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան – ճամաչում եւ արդարահատոյց ներառեալ Արեւմտահայաստանի հարց – փաստացի լուսանցքաւորումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ կրնար Սփիւռքի եւ հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան խորապէս ընդվզելի թուիլ, առանց տակաւին անդրադառնալու անոր աւելի երկարաժամկէտ հետեւանքներուն:
Սակայն եթէ արցախեան հիմնախնդիրը հայութեան ի նպաստ կարգաւորուէր, իշխանութիւններուն համար դժուար պիտի չըլլար իրենց այս «ռէալփոլիթիք»ի եւ «փրակմաթիզմ»ի խառնուրդ քաղաքականութիւնը ներկայացնել իբրեւ հայութեան ազգային շահը լաւագոյնս պաշտպանող քաղաքականութիւն: Յետոյ, երբ Թուրքիոյ հետ պիզնէսը ծաղկելու սկսի եւ տնտեսական աճի կախարդական թիւերը սկսին ռէալ (իրական-Խմբ.) ըլլալ, միշտ ալ կարելի է բազմացնել միջոցառումները, հրապարակային յայտարարութիւնները, վստահեցնել, որ Ցեղասպանութիւնը կարելի չէ մոռնալ, հոգ չէ թէ այն բացառուի հայ-թրքական երկկողմանի օրակարգին վրայ, որովհետեւ Անգարա չի ցանկար այդ մասին խօսիլ, եւ Հայաստան, յարգելով «առանց նախապայման»ի դրոյթը՝ ինքզինքին բարոյական իրաւունք չի տար պնդելու այդ մասին…
Նոյնիսկ եթէ այս յարաբերաբար հասկնալի հաշուարկումը ըլլար «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» բանականացումը, ապա եւ Ապրիլ 22էն ի վեր իրերայաջորդ իրադարձութիւնները եկան բացայայտելու այս հաշուարկման ոտնաբոպիկութիւնը: Թրքական դիւանագիտութիւնը, չէզոքացնելէ յետոյ ամենաանմիջական «վտանգ»ը՝ նախագահ Օպամայի կողմէ Ցեղասպանութեան յղացքի գործածումը Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ, հաստատակամօրէն առաջացաւ արցախեան ճակատին վրայ: Անգարայի ռազմավարութիւնը հասկնալի է. Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք օգնեցին, որ Ցեղասպանութեան հարցը, այն ինչ Թուրքիոյ վրայ ամէնէն աւելի միջազգային ճնշում բանեցնելու ազդակ էր, առայժմ առնուազն «առկախուի», եւ, ձերբազատուած այս ճնշումէն, օգտագործելով Կովկասի մէջ Օգոստոս 2008ի ռուս-վրացական պատերազմի ստեղծած կացութիւնը, աւելի ամուր առաջացաւ արցախեան ճակատին ուղղութեամբ: Տրամաբանութիւնը պարզ կը թուի. Արցախի հիմնախնդրի լուծումը Մինսկի համանախագահներու վերջին յայտարարութեան «հիմնական սկզբունքներ»ու մեկնակէտէն ոչ միայն բաւարարութիւն կու տայ Ատրպէյճանին, այլ աւելի կը զօրացնէ Կիւլի կառավարութեան դիրքերը ե՛ւ իր սեփական հանրային կարծիքին մօտ, ե՛ւ համաշխարհային մասշտապով, ե՛ւ յարաբերաբար Երեւանին: Այսինքն, Հայկական Հարցին լուծումը, այնպէս ինչպէս ծրագրուած էր 1915ին, մուտք կը գործէ իր վերջնական հանգրուանը…
Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները գիտակցին, թէ ի՛նչ կոպիտ սխալ եղած է «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը եւ, թէկուզ եւ լուռ ու զգուշաւոր, մտածեն «ելքի ռազմավարութեան» մը մասին, ապա եւ նախարար Նալպանտեանի հրաժարականը առաջին տրամաբանական քայլ մը պիտի ըլլայ: Բայց սխալ է արտաքին գործոց նախարարին հրաժարականը գործուած կոպիտ սխալին կախարդական լուծում համարել: Որովհետեւ՝ սխալը հիմնականօրէն ազգային ճակատագրին ու լինելութեան համար կենսական խնդիրները շատ սեղմ ու սահմանափակ շրջանակի մը մէջ լուծելու վարքագիծն է, այն որ կ՛ենթադրէ, թէ «անկախ պետականութեան» լեգիդիմութիւնը (օրինականութիւնը-Խմբ.) բաւարար է այդ կենսախնդիրներու լուծում տալու համար, եւ ուրեմն կ՛արհամարհէ անոնց շուրջ նախ եւ առաջ ազգային լայն համախոհութիւն գոյացնելու հրամայականը, առանց տակաւին խօսելու հրապարակային բանավէճերու եւ ժողովրդական հանրաքուէներու անհրաժեշտութեան մասին կարգ մը պարագաներու, ներառելով նաեւ Սփիւռքը:
Եւ, սակայն, կը բաւէ քսանամեայ յետադարձ ակնարկ մը նետել անդրադառնալու համար, թէ որքա՛ն կենսական եղաւ նախ եւ առաջ ազգային միասնականութիւնը 1988-1994 տարիներու յաղթանակներուն համար… Պարզ է, որ այդ թուականներէն ի վեր իրերայաջորդ կոպիտ սխալներ գործուած են, սխալներ, որոնք թոյլ չեն տուած ղարաբաղեան շարժման պատմական այդ պահու արտացոլումը հանդիսացող ազգային հասարակարգի մը եւ պետական համակարգի յառաջացման: Ճիշդ է, 1998-2008 տասնամեակին քայլեր առնուեցան առնուազն պետական համակարգի որոշ բարեկարգումի ուղղութեամբ, բայց Մարտ 1, 2008ի դէպքերը եկան ցոյց տալու որ այդ քայլերը առնուազն անհրաժեշտ չափով չէին արդիւնաւորուած, ոչ ալ Սփիւռքը յաջողած էր իր տեղը՝ իբրեւ քաղաքական գործօն, գրաւել ազգային-քաղաքական գործընթացին մէջ:
Հետեւաբար, եթէ ներկայ անել կացութենէն ելքը իսկապէս ռազմավարական հեռանկար պիտի ունենայ եւ պիտի չըլլայ լոկ մարտավարական քայլ, ապա եւ անհրաժեշտ է մտածել ամբողջ գործընթացի մը մասին, որ առաջադրէ ե՛ւ հայրենի հասարակարգի, ե՛ւ պետական համակարգի արմատական բարեկարգում, եւ, զուգահեռաբար, Սփիւռքին ապահովէ ազգային լինելութեան առնչակից խնդիրներուն մէջ խօսք ունենալու եւ քաղաքական գործօն դառնալու պատեհութիւն:
Khatchig Der-Ghougassian’s all articles give me Hope.
“Նկատի ունենալով առած քայլին ենթադրած ռիսկը՝ համաձայնիլ, որ Ցեղասպանութիւնը երկկողմանի քննարկման առարկայ ըլլայ, պէտք էր ենթադրել, որ նախագահը, իբրեւ լաւ ճատրակ խաղացող, արդէն նախատեսած էր յաջորդ քայլերը, գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր: …եթէ իսկապէս նման հաշուարկում կար եւ քայլը առնուած չէր բախտախաղի հոգեբանութեամբ: ”
The Baron Nakhakah’s opening move was disgustingly flawed, transparently incompetent; together with the first Nakhakah (LDB) they both should be ashamed including their advisers.