ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի 40րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Յուլիս 24-26 Մոնթրէալի մէջ, մասնակցութեամբ Քանատայի տարածքին գործող ՀՅԴ կոմիտէութիւններու, ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու լիազօր պատգամաւորներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, ՀՅԴ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներու:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, ժողովը քննարկման բովէ անցուց ՀՅԴ Քանատայի շրջանի կազմակերպական իրավիճակը եւ հաստատեց, թէ անցնող երկամեակին, ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի անդամական շարքերը զգալի աճ արձանագրած են, շնորհիւ երիտասարդ ուժեր ներգրաւելու ուղղութեամբ տարուած հետեւողական աշխատանքին:
Այլ գետնի վրայ, ժողովը բարձրօրէն դրուատեց հայրենիքի սահմանամերձ բնակավայրերու օժանդակութեանց ծիրէն ներս ՀՅԴ Քանատայի շրջանի բերած ներդրումն ու համագաղութային մասնակցութիւնը:
Հաստատելէ ետք, որ անցնող երկամեակին ՀՅԴ Քանատայի շրջանը աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերած է Քանատայի քաղաքական, ակադեմական եւ քաղաքացիական բնագաւառներուն մէջ, ժողովը անգամ մը եւս նորոգեց ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի յանձնառութիւնը, քանատական սահմանադրութեամբ նուիրագործուած՝ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց արժէքներու ամրագրումին:
Ժողովը օրակարգի վրայ դրաւ նաեւ կազմակերպական, քարոզչական, գաղութային եւ Հայ Դատի հարցեր ու անոնց առնչութեամբ առաւ համապատասխան որոշումներ:
Շրջանային ժողովը վերահաստատեց նաեւ ՀՅԴ Քանատայի շրջանի յանձնառութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեանց ամրագրման, æաւախքի բարօրութեան եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2009-2011 տարեշրջանի Կեդրոնական կոմիտէի 9 անդամներէ բաղկացած կազմը:
ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ 40ՐԴ ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ