ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Ենի Պոսնա թաղամասին մօտերը վերջերս կառուցուած է «Գույումճուքէնթ» համալիրը, ուր կ՛ակնկալուի, որ հաւաքուին Փակ շուկայի ոսկերիչները։ Այս համալիրին իւրաքանչիւր յարկին վրայ մահմետական աղօթատեղի մը կայ, սակայն որոշուած է, որ հոն կառուցուին նաեւ երկու մատուռներ, որովհետեւ այս նոր համալիրին մէջ պիտի գործեն ասորի ու հայ ոսկերիչներ, որոնք ընդհանուր բնակչութեան 30 տոկոսը պիտի կազմեն։ Ասորիները ոսկիի մէջ յառաջադէմ են, իսկ հայերը՝ գոհարեղէնի մէջ։ Երկու մատուռներու կառուցումով գոհացում պիտի տրուի ասորիներու ու հայերու, ինչպէս նաեւ «Գույումճուքէնթ» այցելող քրիստոնեայ այցելուներու ու յաճախորդներու կրօնական կարիքին։
«Գույումճուքէնթ»ի վարչութեան ատենապետ Սայիտ Էրտալ Մէթինէր դիտել տուած է, թէ ասորիներն ու հայերը երկար ժամանակ Փակ շուկային շուրջ իրենց փոքրիկ աշխատանոցներով, կրցան շօշափել գնորդներուն բազկերակը, սակայն այժմ անոնցմէ շատեր իրենց աշխատավայրը պիտի փոխադրեն «Գույումճուքէնթ»։
Կառուցուելիք մատուռներուն ներքին յարդարումը պիտի յանձնուի Վանի Աղթամար եկեղեցւոյ վերանորոգութեան մասնակցող հայ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի։ Մատուռներուն ծախսը պիտի տրամադրուի յոյն, ասորի ու հայ վաճառականներու կողմէ։