ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 24ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան յայտնած է, որ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ հայագիտութեան առջեւ ծառացած խնդիրները արդիւնաւէտօրէն լուծելու համար, պիտի մշակուի յատուկ պետական ռազմավարական ծրագիր:
Անոր խօսքով, նշեալ ոլորտին խնդիրները բազմազան են. «Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւնների զարգացման խթանումը պէտք է դառնայ պետութեան ազգային քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններից մէկը: Հայագիտութեան ճիւղերը պէտք է նպատակաուղղուեն Հայաստանի անկախ պետականութեան կայացմանն ու հզօրացմանը», նշած է Յարութիւնեան:
Ըստ Ս. Յարութիւնեանին, նշեալ կոմիտէի նախաձեռնած հայագիտութեան ցանցի ստեղծման գործին մէջ պիտի ընդգրկուին հայաստանցի եւ սփիւռքահայ հայագէտներ, պիտի մշակուի երիտասարդներու պատրաստման, վերապատրաստման եւ փոխանակման, ինչպէս նաեւ միջազգային չափանիշներու համապատասխան գիտական հանդէսի կազմակերպման աշխատանքներու ծրագիր:
Նպատակային պիտի ըլլայ նաեւ միջազգային հայագիտական համաժողովներու, ամառնային դպրոցներու, սեմինարներու եւ քննարկումներու կազմակերպումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Krapar’e i badvi ? Hayasdani metch
gernam okdagar ellal
Krapari oussoutchitchnèner’ess yeghadz yèn
Hayr Nercèss Aguinian’ , Hayr Parssegh Ferhatian
Hayr Hamazassb Voskyan
Mekhitarian oukhdène(Wien)