ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա»էն կը քաղենք հետեւեալ տեղեկագրութիւնը.
«Անթալիոյ Մանավկաթ թաղամասին մէջ նախընթաց գիշեր, առտուան դէմ պատահեցաւ ահաւոր արկած մը. Արայիկ Նոյեան անուն Հայաստանցիի մը գործածած ամէնէն նոր վաճառանիշով «ճիփ» կառքը, ժամը 03:30ին նախ զարնուեցաւ երկու այլ կառքերու, ապա մտաւ Միկրոսի մէկ պատէն ներս, ելաւ միւս պատէն դուրս, տապալեցաւ ու եղաւ ջարդուփշուր։ Դժբախտաբար մահացաւ վարորդը, որ հայաստանցի մըն էր։ Արայիկ Նոյեան Ալանիայէն դէպի Անթալիա կ՛երթար։ Յայտնի չէ, թէ ինչպէ՛ս պատահեցաւ արկածը եւ թէ կառքը որո՞ւն կը պատկանէր։
Մենք ալ, այս ցաւալի արկածին դիմաց դիտել տանք, որ ներկայիս մեծ թիւով հայաստանցիներ Անթալիա կու գան արձակուրդի համար, այնքան որ անցեալները Հայաստանի մէջ քաղաքական գործիչներ սկսած էին գանգատիլ, թէ բազմաթիւ հայաստանցիներ Հայաստանի ամարանոցները անտես կ՛առնեն ու Անթալիա կ՛երթան։ Բայց ուրիշներ ալ կ՛առարկէին, թէ Սեւանի ափին վրայ արձակուրդ մը անցընելը աւելի սուղ է, քան թէ Անթալիա գալ ու հոն բնակիլը, մանաւանդ որ հիմա Հայաստանի մէջ զբօսաշրջական ընկերութիւններ շատ աժան շրջապտոյտներ կը կազմակերպեն դէպի Անթալիա։
Երկու օր առաջ քանատահայ անուանի դերասանուհի ու բեմադրիչ, Ատոմ Էկոյեանի կողակից՝ Արսինէ Խանճեան, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին գանգատած էր Անթալիա գացողներէն ու ըսած. «Չեմ հասկնար, թէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ սահմանները բա՞ց են, թէ գոց»։ Ահաւասիկ հարցում մը որուն մասին
կ՛արժէ մտածել»։