Կլէնտէյլի Հայ Երիտասարդին Նոր Տունը
Կը մեծնանք հայրենիքէն շատ հեռու, կը սորվինք ու կը խօսինք օտար լեզու, եւ շրջապատուած ենք օտար միջավայրով:
Մենք այն ժողովուրդի զաւակներն ենք, որ ունեցած է արիւնոտ ու դարաւոր պատմութիւն, բայց պիտի չտարուինք անցեալի փառքով: Դարը շարունակ կը փոխուի ու հայերս միշտ կը հանդիպինք նոր դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու առջեւ: Բայց Հայ երիտասարդը պիտի կանգուն մնայ բոլոր այդ գաղափարներուն որ կը պատուէ, հայկական գերիշխանութեամբ, հայրենի տարածքին վրայ ապրելով: Այս գաղափարի ուխտեալ զինուորները մենք ենք որ արդէն իսկ սերունդէ սերունդ փոխանցուած յոյսի ջահը եկած է մեզի ու մենք կ՚ուղղիունք հաստատ քայլերով, կերտելու այդ դարերու երազը, միացեալ հայրենիք կերտելու իր ամբողջական հողային տարածքով:
Բախտի չար կատակով երբեմն կամ շատ անգամներ քաղաքականութիւնը եղած է ի շահ մեր թշնամիին: Մեր պատմութեան արիւնոտ էջերը մտրակեցին հայութիւնը, լայն ճիւղաւորումները կտրտեցին, քանդեցին դարաւոր արժէքները եւ մնացածը յանձնեցին մեզի: Այդ մնացածը յառաջացուց ձուլում եւ օտարամոլութիւն: Հայ երիտասարդը պէտք ունի մեծնալու հայկական միջավայրի մը մէջ, ինչպէս այս կեդրոնը որ յաղթահարէ այս մարտահրաւէրները, եւ այս է ակումբի սուրբ պարտականութիւնը:
Այս շէնքի յարկին տակ պիտի պատրաստուին յեղափոխաշունչ հայեր, դաստիարակուին նոր սերունդներ ու պիտի սորուին հայոց պատմութիւն ու հայ դատ: Այս նորակառոյց շէնքը Զաւարեանի պատանիներուն համար արդէն հարազատ տուն մը կը համարուի, որովհետեւ արդէն իսկ ունեցած ենք ժողով մը այդ սուրբ հողին վրայ, որ պիտի դառնայ մեր հայկական տաքուկ օճախը:
ՀՅԴ, Շանթ եւ Զաւարեան Պատանեկան միութիւնները աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին գործօն եղած են Կլէնտէյլի գաղութէն ներս: Պատանեկան միութիւնը սերմանած է հայրենասիրութեան եւ ազգային ինքնութեան զգացումը Հայ մատղաշ սերունդին մէջ, որ պիտի դառնան ապագայ սերունդի խոստումնալից երիտասարդները:
Միասնաբար, Շանթ եւ Զաւարեան միութիւնները ունին 100 անդամներ, որոնք կ՛ունենան հերթական ժողովներ, կը հետեւին դաստիարակչական ծրագիրներու, Սուրբ Ծնունդին կը բաժնեն բարեմաղթանքներու բացիկներ Կլէնտէյլի գաղութին, կը մասնակցին մրցումներու իրենց քոյր մասնաճիւղերու հետ, ինչպէս երգի մրցոյթ կամ Ողիմպիական խաղեր եւ շատ տարբեր ծրագիրներ: Աւանդութիւն դարձած է նաեւ այցելել հայկական տարեցներու հանգստեան տուները, ուր պատանիներս յարգանք կը մատուցենք այն սերունդին որ հազարաւոր դժուարութիւններ յաղթահարեցին, բայց դիմացան ու ապահովեցին մեր ազգային ինքնութիւնը:
Պատանեկանը սորուեցուցած է պատանիին նախ օրինակելի քաղաքացի դառնալ, ունենալով հայրենասիրական ոգի մը: Ան նաեւ սորվեցուցած է պատասխանատուութեան, պահպանում, հաղորդակցութեան ձիրք, ղեկավարելու յատկանիշներ, յանձնարարութիւն եւ այլն: Եւ այսպէս իւրաքանչիւր պատանի կը մեկնի, հետը տանելով կեանքի գերազանց դասերը: Անոնք նաեւ կը մեկնին մտերիմ ընկերներով եւ անմոռանալի յիշատակներով:
Այս կեդրոնին մէջ ծնունդ պիտի առնեն Նիկոլ Դումաններու, Հրայր Դժոխքներու, Գէորգ Չաւուշներու, Սերոբ Աղբիւրներու պէս երիտսարդներ, որոնք նոյնպէս պիտի չվախնան մահէն ու երբեք պիտի չյանձնուին ու չյուսահատին: Անոնք պիտի դաստիարակուին Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի շունչով, միշտ յիշելով Հայ հերոսներու վերջին պատգամը, «ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք ընկերներ, շարունակէք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:
Ոմանք կը թերագնահատեն եւ կ՛ըսեն թէ բան մը չենք ըներ, բայց անոնք հեռու են մեր միութիւններէն եւ անոր համար ալ չեն տեսներ: Բայց քննադատելու փոխարէն եկէք միացէք մեզի, նոր գաղափարներ տուէք ու ձեռք երկարեցէք, իսկ եթէ պէտք է քրտինք ու արիւն, ձեր խօսքը դարձուցէք աշխատանքի: Այո, աշխատանքը շատ կարեւոր է, ինչպէս կը շեշտէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգը, «մշակ, բանուոր, ռենչպէր ախպէր, արիք միանանք, յառաջ գնանք, աշխատանքի դատին պաշտպան, Դաշնակցութեան թեւ թիկունք տանք»: Հայ Երիտասարդներ ոտքի կանգնեցէք ու միացէք մեզի, զգալի դարձուցէք ձեր երիտասարդութիւնը:
Այս կեդրոնին բացումը հինին հրաժեշտ կու տայ յոյսով թէ նոր պատանիներ պիտի միանան ու նոր ուժեր պիտի աւելնան: Ո՜վ Հայ երիտասարդ, երբեք չմտածես թէ ի՞նչ կրնաս ստանալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն եւ Հայութենէն, այլ ի՞նչ կրնաս տալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայութեան:
ՎԷՐԺԻՆԻ ԹՈՒԼՈՒՄԵԱՆ
ՀՅԴ «Շանթ» Եւ «Զաւարեան» Պատանեկան Մասնաճիւղեր