ԵՐԵՒԱՆ, «Արմրատիօ».- Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով ատրպեճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ այս տարուան ընթացքին պիտի փոխուին երեք համանախագահներէն երկուքը, որոնցմէ մէկը ինքն է՝ Մերզլեաքովը: Երկրորդ փոխուող համանախագահը, ըստ Մերզլեաքովի, ամերիկացի Մէթիու Պրայզան է, որ իր ներկայ պաշտօնով տարածաշրջան իր վերջին այցելութիւնը պիտի կատարէ աշնան:
Նշենք, որ վերջերս լուրեր տարածուած էին, թէ Մէթիու Պրայզան կրնայ նշանակուիլ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, սակայն ամերիկացի միջնորդը չէր հաստատած իր նշանակման մասին լուրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.