ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 21ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, քանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան յայտնած է իր մտահոգութիւնները՝ անդրադառնալով Հայաստանէն Անթալիա մեկնող ուղիղ թռիչքներուն, հայ գործարարներու Թուրքիոյ մէջ կատարած աշխատանքներուն եւ հայ աղջիկներուն, որոնք տարբեր վատ ձեւերով կ՛օգտագործուին Թուրքիոյ մէջ։ Դերասանուհին այդ բոլորէն ետք զարմանք յայտնած է «սահմանը գոց է» արտայայտութեան գծով եւ աւելցուցած. «Եթէ բացուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ»:
«Այդ ողջ առ ու տուրը մեր եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջեւ կը մտահոգէ զիս: Կը մտահոգէ նաեւ Արցախի շուրջ կատարուող բանակցութիւնները՝ առանց Արցախի մասնակցութեան», աւելցուցած է ան:
Արսինէ Խանճեան մտահոգ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեամբ: «Սփիւռքի նախարարութիւնը կը քննարկէ խառն ամուսնութիւններուն հարցը: Ա՞յդ է Սփիւռքի ամենագլխաւոր խնդիրը: Ո՛չ, Սփիւռքը արդէն 100 տարի է, որ կը խօսի խառն ամուսնութիւններու մասին: Մենք կը պայքարինք ատոր համար», նշած է ան:
Արսինէ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Արցախ: «Ես Արցախի մէջ տեսայ մեր հայերուն թափած արիւնը եւ հասկցայ, որ անիկա տակաւին թարմ է: Եւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւունք չունին առանց լաւ մտածելու եւ հեռանկարներ գծելու՝ այդպիսի բանակցութիւններ վարելու, եւ ըստ իրենց՝ թափանցիկ բանակցութիւններ: Որ՞ն է թափանցիկը», մեկնաբանած է դերասանուհին:
Քանատահայ դերասանուհին նշած է նաեւ, որ Հայաստան օրէ օր անճանաչելի կը դառնայ: «Ես 3 տարուան ընդմիջումէ ետք եկայ Հայաստան եւ չճանչցայ զայն: Ամէն կողմ նոր շէնքեր, շէնքեր, շէնքեր՝ անճաշակ, ոչ նման իրարու, տարբեր գոյներով… Հայաստանը աշխարհին իր այդ շէնքերո՞վ պէտք է ներկայանայ: Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ արուեստը, յատկապէս շարժանկարը, որքան կ՛օգնէ փոքր ազգերուն որ իրենց երկիրը, իրենց պատմութիւնը ներկայացնեն ողջ աշխարհին: Իսկ այստեղ այդ ամէնը կ՛անտեսուի: Ինչո՞ւ համար, օրինակ, միայն Սփիւռքը Ցեղասպանութեան մասին շարժանկարներ կը նկարէ: Ինչո՞ւ Հայաստանը այդ աշխատանքը չի կատարեր: Նախ աշխարհին պէտք է ներկայացնես, ծանօթացնես եւ յետոյ միայն արդարութիւն պահանջես», յայտնած է Խանճեան:
Ըստ դերասանուհիին, հայաստանեան եւ սփիւռքահայ շարժանկարի գործիչները բաւական ուշացած են շարժանկարի արուեստին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներկայացնելու, եւ այդ իսկ պատճառով, այժմ կանգնած են ոճի եւ արտայայտչամիջոցներու ընտրութեան խնդիրին առջեւ: Արսինէ Խանճեան նշած է, որ Ցեղասպանութեան թեման շարժանկարով ներկայացնելու համար հարկաւոր է ժամանակակից մօտեցում, առաւել ոճի գոյութիւն, քան՝ միայն պատմութեան:
«Ոսկէ Ծիրան» 6րդ միջազգային փառատօնին մէջ իրականացած Հայաստան-Թուրքիա շարժանկարի ծրագրի ծիրէն ներս, Ա. Խանճեան ծանօթացած է այն թուրք հեղինակին, որ Ցեղասանութեան մասին շարժանկարի նախագիծ կը ներկայացնէր։ Ըստ դերասանուհիին, բաւական ոգեւորիչ էր պատկերը: «Ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Թուրքիոյ մէջ կրնան շարժանկար նկարել Ցեղասպանութեան թեմայով, եւ մէկը միւսը չի խանգարեր։ Բայց միամտութիւն է մտածել, որ հեղինակները իրենց քայլերը միաժամանակ պէտք է կատարեն, քանի որ այդ մօտեցումը աւելի շատ քաղաքական մթնոլորտ առաջ կը բերէ: Արուեստը իր տեսակէտը բաւական վստահութեամբ պէտք է յայտնէ, եւ ոչ թէ պատմութիւնը առուծախի ենթարկէ», յայտնած է ան:
Իր խօսքի աւարտին, դերասանուհին կարեւոր համարած է յատկապէս փառատօնին դերը՝ նման նախագիծ կազմելու եւ տարուէ տարի իր աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու առումով, նշելով, որ փառատօնը արդէն բաւական մեծ գործունէութիւն ծաւալած ու իր տեղը ունենցած է աշխարհին մէջ: