ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի Մոսկուայի թղթակից Ճէնք Պաշլամըշ Երկուշաբթի, Յուլիս 20ին կը գրէ, թէ Հայաստանի ծայրայեղ ազգայնապաշտներն ու Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքը շարժման անցած են դէմ դնելու նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի չստորագրէ այնպիսի համաձայնագիր մը, որուն հետեւանքով հայերը կրնան կորսնցնել Լեռնային Ղարաբաղը։ Թղթակիցը կը գրէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այն համոզումը ունին, որ եթէ Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն հաստատուի, կարելի պիտի ըլլայ բարելաւել Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը: Սակայն անոնք ներկայիս կը գտնուին սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու ու Հայաստանի մէջ գործող «ծայրայեղ ազգայնապաշտներու» քննադատութիւններու համազարկին առջեւ: Ան կը գրէ, թէ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները ունին այն մտավախութիւնը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի ընդունին Ատրպէյճանի փափաքած տարազին մօտիկ լուծում մը։ Թղթակիցը կը նշէ, որ «Ասպարէզ» թերթը փորձած է անկարեւոր նկատել Մոսկուայի մէջ երկու նախագահներու միջեւ կայացած հանդիպումը:
Պաշլամըշ կ՛աւելցնէ, թէ Դաշնակցութիւնը արդէն հրաժարելու հրաւիրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ազդարարութիւն ուղղած է նաեւ Հայաստանի նախագահին, որպէսզի ան չստորագրէ Ղարաբաղի ժողովուրդին շահերուն ներհակ որեւէ համաձայնագիր։ Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւս յիշեցուցած է, որ կարելի չէ որեւէ համաձայնագիր ստորագրել, առանց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան համաձայնութեան։