Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն, Երկուշաբթի, 20 Յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, Կէլնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ անցեալ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած օդանաւի ծանօթ արկածի զոհերուն համար։ Ներկայ էին Իրանահայ միութեան, «Ջան Թաւրիզ» միութեան ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 700 հաւատացեալներ։
Արարողութեան ընթացքին խօսք առնելով՝ առաջնորդ սրբազանը ոգեկոչեց յիշատակը անմեղ զոհերուն, կանգ առնելով վաստակին առջեւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տոքթ. Լեւոն Դաւթեանի, որ զոհերուն շարքին էր։ Ան նկատել տուաւ, որ զոհերուն շարքին էին հայորդիներ, որոնք հայրենիք կ՛ուղղուէին առաջին անգամ, տեսնելու Արարատն ու հաղորդակից ըլլալու հայրենիքին, սակայն դժբախտ արկածը խափանեց անոնց այդ առաջադրանքը։ Ան իր ու Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գագիկ Յովհաննիսեանի անունով ցաւակցութեան խօսք ուղղեց զոհերու հարազատներուն, նկատել տալով, որ գլխաւոր հիւպատոսը շուտով պիտի միանայ սգակիր հաւատացեալներուն, եկեղեցւոյ սրահին մէջ արարողութեան յաջորդելիք հաւաքին:
Հոգեհանգստեան այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի օր, որովհետեւ Կիրակի օր մեր եկեղեցւոյ տաղաւարներէն՝ Վարդավառի տօնն էր։ Այդ օրը, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր Ողորմեա» յատուկ աղօթք՝ ի հանգիստ զոհերու հոգիներուն։