ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
28 Յունուար, 1976ի առաւօտն էր: Հակառակ ձմեռ ըլլալուն, պայծառ, հաճելի արեւ մը իր փէշերը տարածած էր ամէն կողմ: Կարծես բնութիւնը ապրելու հրաւէր կուտար մարդկութեան:
Բայց դժբախտաբար, Լիբանանի տարածքին, գրեթէ ամէն կողմ քաղաքացիական կռիւ կար: Զինեալ խումբեր, Պէյրութ քաղաքը, երկու ճակատի բաժնած էին եւ ամէն ձեւի զէնքերով, զիրար կը կոտորէին անխնայ: Քաղաքը փուլ կուգար. որո՛ւն հոգ: Մինչ գեղեցիկ Լիբանանը աւերակներուն մէջ առանձին նստած՝ զաւակներուն ողբը կուլար:
Բարեբախտաբար Լիբանանի հայութիւնը չէր ուզած մասնակցիլ այս խելառ կռիւներուն, որոնց մղիչ ուժն ու նպատակը կը մնային անորոշ, մութ: Հայութիւնը համաձայն չէր քանդելու այս գեղեցիկ, հիւրընկալ երկիրը, ուր ինք իր զաւակներուն բոյնն էր շինած եւ զաւակները կերակրելուն օրհնեալ հացն էր թխած:
Բայց, երանի կռուող կողմերը հասկնային հայութեան կեցուածքին բարոյական թելադրանքն ու հեռատես օգտակարութիւնը եւ սեղանին շուրջ նստելով՝ ընտրէին խոհեմութեան ճամբան իրենց զաւակներուն եւ իրենց հայրենիքին սիրոյն: Դժբախտաբար չուզեցին տեսնել հետագայի այն հոգեկան ու նիւթական կործանումները, որոնց ահաւոր ըլլալու նշանները ադէն կը տեսնեն: Ուստի, երկրին մէջ տիրող արիւնարբու կացութեան հետեւանքով, հայութիւնը ակամայ ինքնիր պաշտպանութեան պատրաստութիւնները տեսաւ: Քանի դարը գէշ էր, մարդիկ՝ խաբեբայ, չար, երէկուան բարեկամդ՝ այսօր կրնար թշնամիդ դառնալ: Այս բոլորին առընթեր, հարկ էր գողերն ու աւազակներն ալ նկատի ունենալ: Քանի անոնք պղտոր օրեր կը սպասեն կողոպտելու եւ թալանելու համար:
Ուստի ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ հայ ժողովուրդին նեղ օրերու տէրն ու պաշտպանը կը նկատուի, Պուրճ Համուտի կարգ մը կարեւոր եւ զգայուն շրջաններու մէջ զինեալ դիրքեր դրաւ՝ հայութեան անունը, ինչքն ու կեանքը պահել-պաշտպանելու համար:
Իսկ այդ առաւօտ, ես հետաքրքրուած ըլլալով՝ գացած, կեցած էի Դաշնակցութեան «Սարդարապատ» ակումբին դրան առջեւ ու կը հետեւէի զինեալ տղոց անցուդարձին: Անոնք՝ փամփշտակալը իրենց կուրծքին, Քալաշն զէնքը ուսէն կախ, իրենց պարտականութեան գիտակից ու լուրջ՝ կը քալէին հպարտ, առնական: Անոնք հայ մարդուն ապահովութեան յոյսն ու երաշխիքն էին:
Պահ մը ես իմ մտքերուս հետ առանձնացած էի, երբ չորս օտարականներ, հայ պատանիի մը առաջնորդութեամբ, մտան Դաշնակցութեան ակումբը: Պատանին, սեղան մը ցոյց տալով, հրաւիրեց եկուորները նստիլ: Մինչ ինք, ներողութիւն խնդրելով, գնաց պատասխանատուներուն զեկուցելու իր առաքելութեան մասին:
Այդ օրերուն հայերուն անկողմնակալ կեցուածքը առիթ տուած էր, որ Դաշնակցութեան ակումբները դառնան չէզոք գօտիներ: Ուստի այդ հանգամանքին բերումով, մադիկ կը դիմէին Դաշնակցութեան ակումբները՝ իրենց հարցերուն ու ցաւերուն համար դարման մը, խորհուրդ մը առնելու յոյսով: Որովհետեւ կռուող կողմերուն կարգ մը վայրագ, գազանային վարուելակերպը վախ ձգած էր, նոյնիսկ անմեղ, անկողմնակալ մարդոց սրտին մէջ: Մարդիկ, որոնք կեանքին պայմաններուն բերումով, պարտաւոր էին տեղափոխութիւններու:
Մինչ ես, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, սկսայ մօտենալ եկուորներու սեղանին: Կարծես անոնց հանդէպ բնազդական հետաքրքրութիւն մը ծնած էր մէջս: Անոնց խօսած լեզուն քրտերէն էր: Ես ալ որոշ չափով կը հասկնայի եւ կը խօսէի քրտերէն: Նաեւ կ՛ուզէի գիտնալ, թէ որտեղացի էին եւ ո՛ր գիւղէն կամ քաղաքէն եկած էին Պէյրութ: Թէեւ իրենց խօսակցութեան ոճէն հասկցայ, որ Թուրքիոյ Պշերիկի կամ Սասնոյ կողմերէն էին: Այս չորս մարդոցմէ մէկը եօթանասունին մօտեցած ծերուկ մըն էր: Ան հագած էր սեւ շալուար եւ սեւ բաճկոնակ մը ունէր՝ ճերմակ շապիկին վրայ: Գլխուն փաթթած էր սեւ կէտերով նախշուն փուշի մը: Այս մարդը արտաքինով ժիր, յաղթանդամ լեռնցիի մը կերպարանքը ունէր: Մինչ միւս երեքը՝ 30էն 40ի միջեւ տարուբերող երիտասարդներ էին՝ քաղաքացիի պարզ, սովորական տարազով: Այս երեք երիտասարդներուն կրտսերը, որ բաւական ներկայանալի էր, որոշ նմանութիւններ ունէր ծերուկին հետ: Նաեւ չորսն ալ աչքառու բալապեխ ունէին: Բայց ասոնք, միջավայրին անծանօթ ըլլալով հանդերձ, կը խօսակցէին իրենց սովորական ոճով եւ կարծես չէին կասկածեր, որ զիրենք հասկցող մը կրնար ըլլալ: Յանկարծ կրտսեր երիտասարդը խօսքը ուղղելով կոչեց.
– Պաւօ. աւ չնիզամ ու ղանուն ա: Աւ չբաղըժի ու ատապ ա: Մէարըւ աճէպ տըմինահ ժմա՛արիֆաթա ուան: (որ կը թարգմանուի՝ Հայրիկ. այս ինչ կարգ ու կանոն է: Այս ինչ մաքրութիւն ու դասաւորում: Մարդ կը հիանայ իրենց ճաշակին ու ձիրքին վրայ:)
Երիտասարդին հայրը՝ ծերուկ քիւրտը, սանկ ուրախ տրամադրութեամբ պատասխանեց զաւկին.
-Տղաս, հայերը կարգ ու կանոնը սիրող, մաքրութիւնը գնահատող ժողովուրդ են: Անոնք նոյնքան ալ մարդամօտ ու հիւրասէր են: Իսկ այս գնահատելի յատկութիւնները սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու հասած են մեր օրերուն: Տղաս, կ՛ըսեն, թէ մենք նոյն ծառէն սերած երկու ժողովուրդներ ենք:
Պահ մը լռութիւն տիրեց: Հոս քիւրտերն են, որ կը սպասեն ներս հրաւիրուելու: Սրահին մէկ կողմին վրայ քնացած են շտապ օգնութեան իրենց հերթը վերջացուցած կարգ մը զինուորներ: Անոնց զէնքերը կախուած են իրենց գլխուն վերեւ: Կարծես Ծովասարի բարձունքէն իջած ֆէտայիներ ըլլային: Սրահին մէջ հակառակ քանի մը տասնեակ մարդոց ներկայութեան, գիտակից լրջութիւն մը կը տիրէ ամէն կողմ: Սրահի ճակատին կախուած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին նկարը: Եւ անոր երկու կողմերուն պարզուած են Լիբանանի եւ հայկական դրօշները: Սա երկու գոց սենեակներէն ներս կը գործէ երկսեռ երիտասարդութիւնը: Մարդ չի գիտեր ի՛նչ կը գործեն: Հոն՝ պատասխանատու մարմնին գրասենեակն է: Զինեալ մը կեցած է դրան առջեւ: Կարգ մը տեղեր ֆետայական խմբանկարներ կան ու դեռ…
Բայց վերադառնանք քիւրտերուն: Սա պահուն ծերուկն է, որ կը խօսի:
-Երիտասարդներ. Աստուծոյ սիրոյն. ի՞նչ էր մեր մեղքը, որ մեզ մեր տունէն, տեղէն քաշելով առիք բերիք հոս՝ սա Լիբանան կոչուող խառնարանը, ուր ոչ տէր կայ եւ ոչ ալ տիրական: Ոչ կառավարութիւն կայ եւ ոչ ալ դատարան: Կարծես վայրի կենդանիներու անտառ մըն է, ուր զօրաւորը կը բզկտէ տկարը:
Կեցաւ. բայց, ըստ երեւոյթին, երիտասարդներուն խնդրանքները. «Հայրիկ, քիչ մըն ալ համբերէ, յոյս կայ, որ այս օրերը կռիւները կենան»: Երկրորդ մը: «Հայրիկ. հոգ մի ըներ. եթէ կ՛ուզես, վաղը-միւս օր քեզ կը ղրկենք այստեղէն»:
Այս խօսքերը չէին գոհացներ ծերուկը, որ հարցումը հարցումին ետեւէն կուտար:
-Երիտասարդներ. ափսոս, հազար ափսոս, որ ձգեցինք տուն, տեղ, հայրենիք: Ձգեցինք մեր աննման սարերը՝ Մարաթուկն ու Սիփանը, որոնք մեր կեանքին համ ու հոտ կուտային, մեր կեանքին մարդկային իմաստ կուտային:
Ծերուկ քիւրտին այս յայտարարութիւնները բոլորովին համապատասխան չէին ճշմարտութեան: Հայոց հայրենիքին այդ մասը ե՞րբ քիւրտին հայրենիք դարձաւ: Մարաթուկն ու Սիփանը այդ ե՞րբ քիւրտին սարերը եղան: Այդքա՞ն դիւրին է ուրիշին դարերու հողն ու ջուրը իւրացնել: Ո՞վ տուաւ այդ իրաւասութիւնը, որ այսօր քիւրտը Լիբանանի հայոց ակումբը նստած՝ տէր կը կանգնի հայոց դարերու սեփականութեան: Քիւրտի՛ տղայ. պատմութիւնը վկայ, որ հայը այդ սարերուն, այդ հողերուն համար մարտի կրակ վառած է ու զաւակներուն արիւնը տուած: Հայը այդ սարերը չէ մոռցած եւ չի կրնար մոռնալ: Եւ հաւատա՛, որ հայութեան դրօշը պինդ բռնած, զաւակները հայութեան, օր մը դարձեալ պիտի արշաւեն այդ սարերը եւ հոն՝ այդ բարձունքներու վրայ, դարձեալ պիտի վառեն կրակը բագինին ու պիտի վերականգնեն փլած օճախը հայութեան: Քրտի՛ տղայ՝ ծերուկ. այդ սարերուն համար, ուր մեր պապերուն նուիրական աճիւնները կան, հայը խունկ է վառած ու խորան կանգնած:
Իսկ երբ ես այս խորհրդածութիւններուս հետ նիստի մէջ էի, քիւրտը ելաւ ոտքի, շուրջը դիտեց ու խոկաց: Ծերուկ քիւրտը պահ մը ձեռքը նետեց պեխին ու ոլորեց: Նոյն պահուն, քիւրտը գլխուն փուշին շտկռտեց ու մրմնջաց.
-Աստուած իմ. այդ ի՛նչ օրեր էին: Մարաթուկ սարի բարձունքին, վանքին քով, տհոլ-զուռնան կը թնդար: Մինչ հայու տղայ ու քուրտի աղջիկ ձեռք-ձեռքի տուած՝ կը թռվռային, ինչպէս սարի ճէյրան: Ի՛նչ սիրոյ կրակ: Աստուած իմ, ուրախութեան այդ ի՛նչ երգ ու պար էր. այդ ի՛նչ երջանկութիւն:
Պահ մը ես ալ հիացայ քիւրտին հետ ու ելայ Զօզան. ելայ Մարաթուկ: Այդ օրերուն մեր սարերուն վրայ, հայն ու քիւրտը պար էին բռնած կովանտի եւ քէֆ էին սարքած՝ բարեկամութեան: Այդ օրհնեալ օրերուն, քիւրտը հայուն կը կանչէր կնքահայր:
Բայց Աստուած իմ. հետագային ինչո՞ւ եղաւ այդքան նենգ ու այդքան չար: Ինչո՞ւ. ինչո՞ւ եղաւ թուրքին այդքան բարեկամ, իսկ դրացի հայուն՝ զինուած թշնամի: Ինչո՞ւ. ինչո՞ւ խաբուեցաւ թուրքին: Հայը քիւրտին ի՞նչ էր ըրած՝ տունէն, տեղ տուած, հացէն հաց կտրած ու քիւրտին քիրվա դարձած էր:
Ափսոս. հազար ափսոս, որ քիւրտը մոռցաւ հայու խեր ու բարիք ու դարձաւ հայուն թշնամի:
Բայց այդ օր, հայոց ակումբին մէջ քիւրտը կ՛երթար, կուգար, կ՛երթար, կուգար ու վերջապէս կը կենար Գէորգ Չաւուշի նկարին առջեւ ու կը գովէր քաջութիւնը հայուն ու կը հիանար հիւնարին: Բայց այդ ինչ զուգադիպութիւն. քիւրտը այդ գովասանքի պահուն երկու հայ զինեալներ՝ Կրակէ Միկէն եւ Բալապեխ Սահակը առնական քալուածքով կը մտնէին ակումբ: Ծերուկ քիւրտը ուշի ուշով կը հետեւէր անոնց երեւոյթին ու հիացած գոչեց:
-Պը Խուատէ ազ պել ու պալա ուան տներըմ, ուաքա շերէ չիան ա: (Աստուած վկայ, երբ անոնց երթին ու նայուածքներուն կը հետեւիմ, կարծես սարի առիւծներ են:)
Ու, չեմ գիտեր՝ ծերուկ քիւրտը ինչէ՛ ազդուած, պահ մը ինկաւ խոհերու մէջ: Գուցէ միտքերը զինք առին տարին Մարաթուկ սար: Ու ծերուկ քիւրտը պահ մը դադրեցաւ վերանալէն ու շուրջը դիտեց: Հաւանաբար բան չտեսաւ. հաւանաբար մոռցաւ ներկան ու անցեալի յուշերէն ազդուած, յանկարծ պոռթկաց.
-Պը տին ու իմանա մըն, ակար արմանիա մա ղապուլ պըքընա, ամէ անա պըպունէա արմանի: (Հաւատքիս ու կրօնքիս վրայ կ՛երդնում, եթէ հայերը մեզ ընդունէին, մենք հիմա կը հայանայինք):
Անակնկալ էր: Ցնցուեցայ ու ես ինծի կանչեցի. «Տօ լաճ, տնաւեր Մկրոյի տղայ. տէ՛ եկուր ու մի զարմանար: Սա պահուն, հայոց ակումբը աստուածային սուրբ խորան կը դառնար: Քանի պշերիկցի քրտի տղան երդում պատառ կ՛ըլլար, թէ հիմա, հայոց խորանին առջեւ կը հայանար, եթէ հայերը զինք ընդունէին: Լաօ զարթիր. քրտի տղան կ՛ուզէ հայանալ: Բայց, Աստուած իմ. նման դէպք այդ ե՞րբ է պատահեր: Այս ի՛նչ յանդուգն ելոյթ էր՝ Ալլահին դէմ: Այս ի՛նչ ծանր ու պատասխանատու արտայայտութիւն էր: Քիւրտ երիտասարդներն ալ լսեցին դէպքը. հոն՝ հայոց ակումբը նստած: Բայց երիտասարդները խօսք չըրին, կարծիք չյայտնեցին, այլ մնացին լուռ, խոհուն: Կարծես արդէն բան մը գիտէին:
Բայց ես չկրցայ անտարբեր մնալ: Կարծես ազգային զգացումներս ինծի կը յուշէին, թէ սա քիւրտ մարդուն պոռթկումին պատճառը՝ իր երակներէն գլխուն խուժած հայ արեան կանչն էր, որ կ՛ուզէր լոյս աշխարհ յայտարարել, թէ իր պապերը հայ են եղած: Ուստի, ինքն ալ հայու զաւակ կը նկատուի:
Բայց, յանկարծ հոգիս փոթորկեցաւ ու պոռթկաց.
-Բաւ է խոկանք ու իրար անցնինք: Հայ մարդը դարերով բռնած է օտարութեան ճամբան ու ձուլուած է օտար ժողովուրդներու մէջ, ու բնականօրէն կորած: Հայ մարդը հազար անգամ հազար թաղուած է օտար հողի մէջ ու յիշատակը մոռցուած: Այս մէկ հատին համար ալ ի՛նչ կը խոկանք ու իրար կ՛անցնինք: Մեզմէ ո՞վ հարցուց, թէ ո՞ւր կորան Մամիկոնեան, Բագրատունեան թէ Ռշտունեաց ցեղերը՝ այդ բազմանդամ, մեծղի տոհմերը քաջ ու նուիրական: Արդեօք ժամանա՞կը այդ ցեղերը պզտիկցուց, անէացուց ու փոշի դարձուց ինքն իր ծոցին մէջ: Թէ՞… Պայմաններու բերումով մոռցած իրենք իրենց անցեալը ու ելան, գացին, կորան: Թէեւ պատմութիւնը հեքիաթի նման բաներ մը կը յուշէ…
Հայրս կ՛ըսէր.
-լաօ, հայոց ջաղացն էր անպաշտպան: Հայը տէր, տիրական, ոչ տէրտէր, ոչ աւետարան: Թուրք, քիւրտ բէկերուն խօսքն էր թալանի հրաման: Ու հայը… ելան, գացին, կորան:
Այսօր քիւրտը կ՛ուզէր հայանալ: Բայց զգոյշ՝ հաուար չըլլայ: Թէեւ հայը միշտ ալ մերժած ու մուտքի դուռը գոցած է, քանի որ հայը միշտ ալ տուժած է ու պզտիկցած: Հայը միշտ ալ տունը, արտը ձգած է ու ազգը տուժած:
Ով դուն գիւղի համեստ ջաղացպան, Մկրոյենց տղայ, այսօր Ամերիկան հայուն համար շրջապտոյտի նոր հանգստարան է:
-Լաօ, հոգուդ ղուրպան, «Մժլէ՛. ի՞նչ խապար տանիմ Սասուն, Հայոց Աշխարհ: