ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երեքշաբթի, Յուլիս 7ին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբէն անդամներ հանդիպում մը ունեցան քաղաքին երկարամեայ քաղաքապետ Պիլ Պոկարտի հետ՝ անոր հետ քննելով շրջանի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Հայ Դատի յանձնախումբին պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, որուն կ՛ընկերանային վարչութեան անդամներ Սուզան Պէրպէրեան, Սինտի Տէրտէրեան, Տօնիկ Տօնապետեան եւ Ռաֆֆի Համբարեան:
Մարսէլեան յայտնեց, թէ հանդիպումը առիթ մը եղած է խորհրդակցելու Փասատինայի հայութիւնը հետաքրքրող աւելի քան տասնեակ մը հարցերու եւ զարգացումներու շուրջ եւ աւելցուց, թէ քաղաքապետը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ գործակցելու ուղղութեամբ՝ գոհացում տալու շրջանի հայութեան կարիքներուն:
Քննարկուած նիւթերու շարքին էին 2010ի Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի մասնակցութիւնը, Ֆութհիլ պողոտայի վրայ նոր Հայ կեդրոնի բացումը ու քաղաքին ապագայ ծրագիրներուն մէջ հայութեան մասնակցութեան ապահովումը:
Յայտնենք, թէ Պոկարտ 2007ին քաղաքապետ վերընտրուած էր չորս տարուան պաշտօնավարութեան համար: Անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին քաղաքը յատկանշականօրէն զարգացած է տնտեսական, կրթական, մշակութային ու այլ մարզերու մէջ: