ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տուած տեղեկութիւններուն, երկրի ղեկավարը Յուլիս 11ին ունեցած է հանդիպումներով հարուստ օր մը։
Հանդիպելով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւրոպական հիմնարկի գործադիր տնօրէն Նիքոլաուս Շուարցլերի, Ռուսիոյ մարդու իրաւունքներու նախկին լիազօր Օլէկ Միրոնովի եւ Ռուսիոյ քաղաքագէտներու խմբակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փեթրովսքիի հետ, քննարկուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի եւ միջազգային տարբեր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան հաստատման եւ զարգացման հետ կապուած հարցեր:
Երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկը եւ այս ոլորտին մէջ փոխգործակցութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի:
Հիւրերը նշած են, որ Արցախի մէջ ակնառու է ժողովրդավարական արժէքներուն արմատաւորումը, որուն լաւագոյն օրինակներէն է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնարկի կայացումը:
Այնուհետեւ նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի օդակայան եւ ծանօթացած իրականացուող աշխատանքերուն: Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է աշխատանքներու անխափան իրականացումը եւ նշած, որ պէտք է օդակայանը շահագործման յանձնել նախատեսուած ժամկէտին:
Նախագահի յաջորդ հանդիպումը անցած է Հայաստանի դրամատուներու միութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան դրամատնային ոլորտին առնչուող հարցեր։ Նախագահը կարեւորութեամբ նշած է հայաստանեան դրամատուներու գործունէութեան ընդլայնումը դէպի Արցախ եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԼՂՀ նախագահը հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի ղեկավար Ոստանիկ Մարուխեանի հետ եւ բարձր գնահատած է նշեալ համալսարանին դերը Արցախի գիտակրթական համակարգի զարգացման մէջ։ Քննարկուած են նաեւ տեղեկատուական գիտարուեստներու, տեղեկատուական անվտանգութեան, կապի եւ այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: