ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի կառավարող «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը Երկուշաբթի օր հրապարակած յայտարարութեան մը մէջ կը յայտնէ, թէ «Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մոսկովեան յառաջիկայ հանդիպման ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման գործընթացին մէջ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի»:
««Մեծ ութեակի» (G8) երկիրներու հանդիպման ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երեք համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ յայտարարութեան ստորագրումը եւ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հիմնարար սկզբունքներու հրապարակումը կը վկայէ բանակցային գործընթացին մէջ էական յառաջընթացի գոյութեան մասին», լրագրողներուն յայտնած է «Ենի Ատրպէյճան»ի գործադիր քարտուղար Ալի Ահմետով:
Ահմետովի խօսքերով, բանակցութիւններու գործըթնացին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպումը դրական փաստ է: «Բնական է, կարելի է ենթադրել, որ երկու երկիրներու նախագահներու մոսկովեան հանդիպման ժամանակ աւելի կը զարգացուին նախապէս ձեռք բերուած յառաջընթացները: Միւս կողմէ, եթէ առաջընթաց չըլլար, նախագահներու հանդիպման կարիք չէր ըլլար», յայտնած է իշխող կուսակցութեան գործադիր քարտուղարը:
Ահմետովի կարծիքով, արդէն շատերը կը գիտակցին, որ հասած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ժամանակը:
«Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը ստեղծուած է 1992ին, Ատրպէյճանի առաջնորդ Հայտար Ալիեւի կողմէ, երբ դեռ ան կը գլխաւորէր Նախիջեւանի խորհրդարանը: Կուսակցութիւնը ներկայիս կը ղեկավարուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: