Ո ՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, Ուրբաթ, 10 Յուլիսին, հրապարակած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մատրիտեան կոչուած սկզբունքները:
«Հիմնարար սկզբունքներ»ու նախնական տարբերակը առաջադրուած էր ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարներու կողմէ՝ 2007ի Նոյեմբերին:
Հիմնարար սկզբունքները կը պահանջեն.-
– Ատրպէյճանի վերահսկողութեան վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղի մերձակայ տարածքները
– Անցումային կարգավիճակ տալ Լեռնային Ղարաբաղին
– Ապահովել անվտանգութեան երաշխիքներն ու տեղական ինքնակառավարումը
– Միջանցք բանալ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ
– Ապագային որոշել Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը՝ պարտադիր իրաւական հանրաքուէի հիման վրայ
– Յարգել ներքին տեղահանուածներու ու փախստականներու նախկին բնակութեան վայրերը վերադառնալու իրաւունքը
– Անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ տրամադրել, որոնք կը ներառեն խաղաղութեան պահպանման գործողութիւններ:
«Այս սկզբունքներու շուրջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը թոյլ կու տայ մշակել համապարփակ կարգաւորում, ապագային ապահովելու համար Հայաստանի ու Ատրպէյճանի խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը», կը յայտնէ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած տեղեկագրութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.