ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 10 Յուլիսին աւարտած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի պաշտօնական այցելութիւնը Ատրպէյճան: Ատրպէյճանի պետական արձանագրութեան համաձայն, ուշագրաւ է այն, որ Ասատի այցելութեան ծիրին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ անոր այցելութիւնը Պաքուի «Շեհիտների ծառուղի», ուր թաղուած են ղարաբաղեան պատերազմի զոհուած ատրպէյճանցիները:
Սակայն Սուրիոյ նախագահը հրաժարած է այդ այցելութենէն՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ համերաշխութիւն դրսեւորելով Հայաստանի։
Յիշեցնենք, որ սուրիական պետութեան ղեկավարը, յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով Ատրպէյճանի մէջ՝ ընդգծած է, թէ Սուրիան լաւ յարաբերութիւններ ունի ե՛ւ Ատրպէյճանի ե՛ւ Հայաստանի հետ, ուստի կրնայ իր աւանդը ներդնել ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործին մէջ: