ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքը ամիսներէ ի վեր շինարարական աշխատանքը պէտք է գրաւէր համայնքի զաւակներուն ուշադրութիւնը:
Կամաց-կամաց ձեւ ու մարմին ստացած կեդրոնը, որ պիտի կրէ Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան անունը, (տես երրորդ էջի վրայ հրատարակուած հարցազրոյցը կեդրոնի բարերար տոքթ. Ալպեր Գարամանուկեանի հետ) արդէն պատրաստ է իր դռները բանալու հանրութեան առջեւ: Կիրակի օր տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացումը, որուն սիրով հրաւիրուած է շրջանիս հայութիւնը:
Կեդրոնը իւրայատուկ ճարտարապետական յղացքով իրականացած է, ինչ որ կրնայ առաջին հայացքով տարօրինակ կամ արտասովոր թուալ դասական կառոյցներու վարժ մեր աչքերուն:
Սակայն, պէտք չէ մոռնալ, որ շուրջ երկուքուկէս միլիոն տոլարի այս ձեռնարկը առաջին հերթին ծրագրուած է երիտասարդներու համար, որոնք կրնան գնահատել ճարտարապետական նորարութիւնները:
Նախագիծի հեղինակը միջազգային ճանաչման տէր ճարտարապետ Ռապըրթ Մանկուրեանն է, Սթիւտիօ Ուըրքս ընկերութեան տէրը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ ճարտարապետական հիմնարկութեան բարձրագոյն վկայականի դասընթացքներու տնօրէնը, որուն հեղինակային աշխատանքներէն մէկն է նաեւ «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի տապանաձեւ գրադարանը:
Կեդրոնի պատասխանատուներէն՝ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Պոզոյեանի հետ կը շրջինք կեդրոնի երեք յարկերը:
Մասնագիտութեամբ մանկավարժ Պոզոյեան համոզուած է, որ կեդրոնը պիտի դառնայ Կլէնտէյլի ամէնէն աշխոյժ ու կենսունակ հաւաքատեղիներէն մէկը: Երիտասարդական կեանքով ու խանդով լեցուն պիտի ըլլայ կեդրոնը, կ՛ըսէ ան ու ցոյց կու տայ կեդրոնը շրջապատող նուռի ծառերը, յատկապէս նուռի, որ հայկական աւանդութեան մէջ կեանքի ու կենսատուութեան խորհդանիշ է:
Պատկերացուցէք՝ արդէն նուռի ծառերը մեծցած, արտաքին պատերը մեզ նման սովորական մարդոց համար քիչ մը տարօրինակ թուացող իւրօրինակ կանաչով ներկուած, կեդրոնը շրջապատուած աւելի թանձր կանաչ բուսականութեամբ եւ համապատասխան եղանակին կարմիր նուռերու ծովով: Իրապէս գեղեցիկ պատկեր մը կը գծագրուի երեւակայութեանս մէջ:
Առաջին յարկի վրայ, Պոզոյեան ցոյց կու տայ անկիւն-սրճարանը, որ պիտի դառնայ երիտասարդներու եւ մեծերու ժամադրավայր: Այստեղ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի համացանցային կապէ օգտուելու:
Շէնքի մուտքը եկեղեցիի հակառակ կողմէն է: Ներսը, անմիջապէս դրան աջ կողմը, յատուկ տեղ պատրաստուած է արձանագրելու այն նուիրատուներուն անունները, որոնք երկու հարիւր տոլարով կամ աւելիով պիտի «գնեն» մէկ կամ աւելի քառակուսի մեթր տարածք Երիտասարդական կեդրոնէն: Մասնակցութեան իւրայատուկ ձեւ մըն է ասիկա: Աւելի մեծ նուիրատուներու համար տեղ պատրաստուած է միւս պատին վրայ:
Երկուքուկէս միլիոնէն մէկ ու կէս միլիոնը արդէն վճարուած է: Կեդրոնը իր դռները կը բանայ մէկ միլիոն պարտքով, որ Կլէնտէյլի նման հզօր համայնքի մը համար այնքան ալ մեծ գումար պէտք չէ թուի ըլլալ ու Պոզոյեան բաւական ինքնավստահ է, որ համայնքի զաւակներուն ու բարերարներուն աջակցութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ փակել այդ պարտքը:
Նշանակալից է, որ Կլէնտէյլ քաղաքը կէս միլիոնով մասնակից եղած է կեդրոնի շինարարական ծախսերուն, որ ձեւով մը կը պարտաւորեցնէ կեդրոնի պատասխանատուները յատուկ ծրագիրներ մշակելու քաղաքի պատանի ու երիտասարդ հատուածին համար ընդհանրապէս, եւ այդ մասին տեղեկագրելու քաղաքի համապատասխան մարմիններուն:
Առաջին յարկին վրայ Պոզոյեան ցոյց կու տայ սրահը, ուր կարելի է ձեռնարկներ կազմակերպել երկու հարիւր հոգիի համար:
Երկրորդ յարկը կը կոչուի ՀՕՄի յարկ: Այստեղ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը պիտի գումարէ իր ժողովները, պիտի ունենայ իր վարչական գրասենեակը եւ շաբաթօրեայ դպրոցի դասարանները, որոնք նաեւ պիտի օգտագործուին եկեղեցիին կողմէ՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն համար:
Երրորդ յարկին վրայ տեղ ունին ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէն, Հայ Դատի յանձնախումբը, որ մտադիր է լրիւ ժամանակով գրասենեակ ունենալ այստեղ, ՀՅԴ «Զաւարեան» եւ «Շանթ» պատանեկան միութիւնները, ՀԵԴ «Ռուբէն» ուխտը, իսկ Կեդրոնի վարչութիւնը այստեղէն պիտի տնօրինէ սրահներուն, սրճարաններուն գործածութիւնը: Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը այլ աշխատանքներու կողքին, պիտի փորձէ աջակցութիւն ցոյց տալ համայնքի անդամներուն քաղաքային իշխանութեանց հետ իրենց ունեցած հարցերն ու խնդիրները բարւօք ձեւով լուծելու համար:
Այս յարկին վրայ կայ նաեւ բաւական մեծ սրահ մը, ուր երիտասարդներու համար ժամանցի հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին:
Կլէնտէյլի հայ համայնքի տարեգրութեան մէջ, ասիկա քանիերորդ հանգրուանն է: ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութիւնը Կլէնտէյլի մէջ հիմնուած է 1975ին: Գալ տարի անոր երեսունհինգ ամեակն է: Առաջին կեդրոնը եղած է Քարլթըն փողոցի վրայ, եկեղեցիին շրջափակին մէջ: Յաջորդ հանգրուանը եղած է Պրանտի վրայի կեդրոնը, ապա՝ Հարվըրտ եւ Պրանտ անկիւնի շէնքը, ապա՝ Կլէնտէյլ փողոցի շէնքը, ուր վարձակալութեամբ կը մնային:
Հիմա, այս տասներկուհազար քառակուսի ոտք տարածութեամբ սեփական շէնքն է, որուն հողը գնուած էր 2002ին, տարիներով ահագին ճիգ ու երանդ թափուած է քաղաքին կողմէ ընդունելի նախագիծ մը պատրաստելու, վերջապէս 2007ի Դեկտեմբերին, հաստատուած է նախագիծը ու մէկ ամիս ետք՝ 2008ի Յունուարին, սկսած են շինարարական աշխատանքները: Նախքան նախագիծի վաւերացումն իսկ, 2005ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուած է հիմնօրհնէքը:
Պոզոյեան այստեղ յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ շինարարական յանձնախումբի անդամներուն մասին, որոնք իրապէս տքնքաջան աշխատանք տարին, հետեւեցան ու հսկեցին, որ գործերը ընթանան ըստ ծրագրուածի եւ ծախսերը մնան կառավարելի: Շինարարական յանձնախումբի անդամներն են՝ Նշան Փիրումեան, Վարուժ Քէօսէեան, Ռուբէն Ամիրեան եւ Խաժակ Գազանճեան: Շինարարութեան գլխաւոր կապալառուն Րաֆֆի Օհանեանն է, որուն մասին եւս եղան գովասանական խօսքեր:
Կեդրոնը բաց պիտի ըլլայ միշտ ու բացի նշուած միութիւններէն ու կազմակերպութիւններէն, անոր վարչութիւնը պատրաստ է համագործակցելու այլ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: