ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, անցեալ Չորքեշաբթի, Պաքուի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման հարցին՝ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ինչ կը վերաբերի հայկական կողմէն երբեմն հնչեցուող թեզին, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի մասին, ապա կ՛ուզեմ նշել, որ հայ ժողովուրդը արդէն ինքնորոշուած է: Հայաստանը անկախ պետութիւն է, եւ, ի հարկէ, այս հարցին լուծումը կրնայ իրականացուիլ միայն տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս»: Այսպիսով, փաստօրէն, Ալիեւ կը մերժէ ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Ալիեւ, նոյն ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ իր երկիրը Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման համար հանդէս կու գայ միջազգային իրաւական սկզբունքներու համապատասխան:
«Այս հարցով ընդունուած են ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւեր, որոնք կը պահանջեն առանց որեւէ պայմանի ազատել ատրպեճանական տարածքները: Այդ գրաւումին պէտք է վերջ տրուի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնուի», ըսած է Իլհամ Ալիեւ:
Նշենք, որ ատրպեճանական լրատուական գործակալութիւնները ոչ մէկ մէջբերում կատարած են Սուրիոյ նախագահին՝ Ղարաբաղի հարցով յայտարարութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.