ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, Ասկերանի Այգեստան գիւղին մէջ ռազմամարզական դպրոցի բացման առիթով, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ ԼՂ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ համատեղ երկկողմանի համաձայնութիւն ձեռք բերելու՝ շփման գիծէն դիպուկահարները դուրս բերելու ուղղութեամբ:
«Այս առումով ատրպէյճանցիների կողմից անընդհատ հնչող պատրաստակամութիւնները լոկ յայտարարութիւններ են, որոնք չեն կատարւում: Արդէն մի քանի անգամ շփման գծում կատարուող «մոնիտորինգ»ները խափանուել են հէնց Ատրպէյճանի կողմից», յայտնեց ԼՂ պաշտպանական նախարարը:
Ատրպէյճանի կողմէ անընդհատ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն անդրադառնալով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ, թէ անոնց հետ կը վերաբերի այնպէս, «ինչպէս հակառակորդ երկրի ղեկավարութեան յայտարարութիւնների»:
Ըստ զօրավար Յակոբեանի, ԼՂ պաշտպանութեան բանակը ունի իր խնդիրները, որոնցմով կը զբաղի եւ մեծ ուշադրութիւն չի դարձներ այդ յայտարարութիւններուն: Իսկ պատասխանելով տարածքներու վերադարձման մասին խօսքերու վերաբերող հարցումի մը՝ նախարարը նշեց. «ԼՂՀից տարածքների վերադարձման յայց ներկայացնող որեւէ երկիր գոյութիւն չունի: Ատրպէյճանը ցանկանում է ողջ Լեռնային Ղարաբաղը: Եւ մենք չենք պատրաստւում որեւէ մէկին տարածք վերադարձնել»:
Մ. Յակոբեանի խօսքով, այս տարածաշրջանի խաղաղութիւնը միայն ու միայն կը պաշտպանուի ԼՂ Զինեալ ուժերուն (ԶՈւ) կողմէ:
«Այս 15 տարիների ընթացքում մենք ոչ մի անգամ թոյլ չենք տուել հակառակորդին գերակայութիւն ստանալ սահմանների առաջին գծում, թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ հոգեբանական առումով: Ղարաբաղի ԶՈւը պատրաստ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած պարտականութիւնները եւ ԼՂ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ունի այն բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի պաշտպանի սեփական ժողովրդի անվտանգութիւնը», հաստատեց նախարար Մ. Յակոբեան: