ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններ Արմէն Սմբատեան եւ Փոլատ Պիւլպիւլօղլի հայ եւ ազերի հասարակական եւ քաղաքական գործիչներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ անցեալ Ուրբաթ, Յուլիս 3ին Ատրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանը հատելով այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։
Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի պահուն Պիւլպիւլօղլի ընդգծած է, որ Ստեփանակերտ եկած են ոչ թէ պետական կամ քաղաքական խնդիրներ լուծելու, այլ ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւն ստեղծելու համար։

Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը հարց տուած է, թէ այդ ինչպէ՞ս է, որ հայերն ու ատրպէյճանցիները Մոսկուայի մէջ կրնան կողք-կողքի ապրիլ, առեւտուր ընել, իսկ այս փոքր հողակտորին վրայ՝ ոչ։ Անոր խօսքով, իր այցելութիւնը ոչ թէ հանդիպում է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահին հետ, այլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչին հետ։
«Ես համոզուած եմ, որ տարիներ ետք ամէն ինչ կը լուծուի եւ մենք կողք-կողքի հանգիստ կ՛ապրինք», ըսած է ան եւ ընդգծած, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրեն շատ ջերմ դիմաւորած են եւ ինքզինք անվտանգ կը զգայ։ «Ո՛չ հայերը տիեզերք պիտի թռչին, ո՛չ ալ ատրպէյճանցիները։ Անոնք կողք-կողքի պիտի ապրին», ըսած է ան։
«Փանարմինիըն.նեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ անդրադառնալով այն փաստին, թէ ինք Ատրպէյճանէն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ժամանած է Մարտակերտի ճամբով՝ Պիւլպիւլօղլի յայտարարած է, որ իրեն համար Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի միջեւ սահման կամ շփման գիծ չկայ։
Նոյն օրը, Երեւանի մէջ, հայ-ազերի այս միացեալ խումբի անդամներուն ընդունած է Հայաստանի նախագահը: Նշենք, որ այս միացեալ պատուիրակութեան կազմութեան եւ տարածաշրջան այցելութեան Նախաձեռնութիւնը կը վայելէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն աջակցութիւնը։
Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սարգսեան ողջունելով հիւրերը, վստահութիւն յայտնած է, որ զանոնք Հայաստան բերած է խաղաղութիւն ձեռք բերելու իրական ցանկութիւնը, յաջորդ սերունդներուն նկատմամբ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ փոխըմբռնման հասնելու ձգտումը։
Ըստ նախաձեռնութեան հեղինակներուն, պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով վարուող քաղաքական երկխօսութեան զուգահեռ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու իրականացումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ կանոնաւոր շփումներ հաստատելու, իսկ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը լաւ ներդրում պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ։
Հանդիպումէն յետոյ նախաձեռնութեան հեղինակները զրոյց ունեցած են լրագրողներուն հետ։
«Մենք՝ նախկին երեք մշակոյթի նախարարներս եւ ներկայիս երեք դեսպաններս, հաւաքուած ենք, որպէսզի մեր ժողովուրդներուն, հասարակ մարդոց օգնենք», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի միջազգային մշակոյթի հարցերով ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ, որ մաս կը կազմէր խումբին։ Նախաձեռնութեան մասին խօսելով՝ Միխայիլ Շվիտքոյ ըսած է, թէ իրենց՝ մշակոյթի նախկին գործիչներուն խնդիրն է հասկնալ, թէ ընդհանրապէս ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն ընթացքին։
«Մենք ոչ մէկ պարագայի կը միջամտենք եւ կրնանք միջամտել այն քաղաքական բանակցութիւններուն, այն զինուորական բանակցութիւններուն, որոնք կը կայացնեն մեր նախագահները։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը շատ կարեւոր եւ այնպիսի պատասխանատու երեւոյթ է, որ մենք՝ իբրեւ մշակոյթի մարդիկ, չենք ցանկար միջամտել», ընդգծեց ան։
Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փուատ Պիլպիւլօղլի խօսելով Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման մասին, աւելցուցած է, թէ «Հայաստանի նախագահին հետ շատ կառուցողական զրոյց տեղի ունեցաւ։ Ան շատ ուշադիր լսեց բոլորին եւ հաճելի էր զգալը, որ ան մեծ ուշադրութեան կ՛արժանացնէ այն նախաձեռնութիւնը, որ տուեալ պարագային քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած է, մեծ փոխըմբռնում կար, հաւանութիւն, եւ ես, առիթէն օգտուելով, կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահներուն, որ նման հանդիպման կարելիութիւն տուին»։
Հայաստանի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք, պատուիրակութիւնը մեկնած է պաքու, ուր ընդունուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: