ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Մաշտոց» քոլէճի ամավերջի 17րդ հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 20ին, Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ շրջանաւարտներուն, ընտանեկան պարագաներուն, կրթական մշակներուն եւ բարեկամներու: Գործադրուեցաւ տպաւորիչ յայտագիր մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, որ շեշտեց քոլէճին ազգակրթական առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ կեդրոնանալով 2008-2009 տարեշրջանի իրագործումներուն վրայ:
Ապա, քոլէճի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուներ ներկայացուցին տարուան 71 շրջանաւարտները, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մէջ ստացան իրենց վկայականները քոլէճի նախագահին ձեռամբ:
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Ուրարտու համալսարանի նախագահ՝ դոկտ. Սեդրակ Սեդրակեանը, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ յոյժ կարեւոր նկատելով երկու համալսարաններուն միջեւ գործակցութիւնը:
Հուսկ բանքով, քոլէճի նախագահը յորդորեց շրջանաւարտները, որ իրենց ուսումով նպաստեն հայակերտման աշխատանքին ու հասնին համայնքի բազմազան կարիքներուն:
Շրջանաւարտներու անունով ելոյթ ունեցան Լալա Մնացականեանը եւ Խաչիկ Շահինեանը՝ բարձր գնահատելով քոլէճին մակարդակը եւ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան ու դասախօսական կազմին նուիրումը: Անոնք խոստացան բարձր պահել քոլէճին անունը՝ միաժամանակ անվերապահօրէն թիկունք կանգնելով անոր:
Շրջանաւարտից միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ազնիւ Պասմաճեանը, որ ողջունեց նոր շրջանաւարտները եւ յիշեց, թէ իր պաշտօնավարած վարժարանի ուսուցիչներուն 70 տոկոսը աւարտած է «Մաշտոց» քոլէճ:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի փակման խօսքէն ետք, «Հայր Մեր»ով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը: