Իրանի ընդդիմադիր ղեկավար Միր Հոսէյն Մուսաւի Չորեքշաբթի օր իր համակիրներուն կոչ ուղղեց շարունակելու «ժողովուրդին իրաւունքներուն» համար աշխատիլ։ Ան դարձեալ յայտնեց, որ 12 Յունիսի նախագահական ընտրութիւնը ապօրինի էր, եւ պահանջեց, որ Իրանի կառավարութիւնը ազատ արձակէ բոլոր քաղաքական բանտարկեալները, ընտրական բարեփոխումներ կատարէ ու մամլոյ ազատութիւն հաստատէ։
«Շատ ուշ չէ։ Մեր պատմական պատասխանատուութիւնն է շարունակել բողոքը եւ ջանքեր թափել ժողովուրդին իրաւունքները չզիջելու», ըսաւ ան։ Մուսաւի նաեւ կոչ ուղղեց Իսլամական հանրապետութեան մէջ քաղաքական «անկեղծ» մթնոլորտի մը վերադառնալու։
Միւս կողմէ, Պասիժ ոստիկանութիւնը Իրանի աւագ դատախազէն պահանջեց Մուսաւիի եւ բողոքի բիրտ ցոյցերուն մէջ անոր դերակատարութեան շուրջ հետաքննութիւն կատարել։ Ըստ ոստիկանութեան, այդ ցոյցերը ականահարած են երկրին ազգային ապահովութիւնը։
Աւագ դատախազին ուղղուած խնդրագիրին մէջ Պասիժը նաեւ Մուսաւին ամբաստանած է հասարակութեան մէջ «յոռետեսութիւն» յառաջացնելու յանցանքով։
Ահմատինեժատի մարտահրաւէր ուղղող ոեւէ մէկը ճնշելու իր վճռակամութեան յաւելեալ ցուցանիշով մը՝ իշխանութիւնը փակեց օրաթերթ մը, որ դաշնակից է նախագահական թեկնածու Մեհտի Քարրուպիի, երբ այս վերջինը Իրանի կառավարութիւնը ընտրական զեղծարարութեանց պատճառով դատապարտեց իբրեւ «ապօրինի»։