ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մինչ մեծ ոգեւորութեամբ կը շարունակուին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերը՝ գլխաւորաբար Պըրմինկհամ Հայ սքուլի (1700 Haynes St., Van Nuys) մարզադաշտերուն վրայ, միւս կողմէ, Նաւասարդեան յանձնախումբը, իր ենթայանձնախումբերով կազմակերպական լուրջ աշխատանք կը տանի լաւապէս կազմակերպելու մարզախաղերու առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկները:
Մարզախաղերու բացման հանդիսութենէն ետք, Նաւասարդեանի առաջին ձեռնարկն էր Յաղթանակի պարահանդէսը, որ մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Յունիս 2009ի երեկոյեան, CBS Studios-ի Roadford պողոտայի վրայ, աւելի քան հինգհարիւր մասնակիցներով: Պարահանդէսին առանձին յօդուածով կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Նաւասարդեան չորսօրեայ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Պըրմինկհամ Հայ սքուլի շրջափակէն ներս, հետեւեալ ժամանակացոյցով.
* Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2009: Կէսօրէ ետք ժամը 4էն մինչեւ կէսգիշեր ժամը 12
* Ուրբաթ, 3 Յուլիս 2009: Առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէսգիշեր ժամը 12
* Շաբաթ, 4 Յուլիս 2009: Առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէսգիշեր ժամը 12
* Կիրակի, 5 Յուլիս 2009: Առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ ուշ գիշեր ժամը 11
Չորսօրեայ փառատօնի յայտագիրները պիտի ճոխացնեն շրջանի սիրուած արուեստագէտներ, իրենց հայկական ժողովրդային, էսդրատային, ազգային եւ յեղափոխական ճոխ երգերով:
Հինգշաբթի, 2 Յուլիսին, Նաւասարդեան փառատօնի բացման օրը ելոյթ պիտի ունենայ Ազգային-յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան՝ ընկերակցութեամբ հրավառութեան: Նոյն օրուան յայտագիրին մաս պիտի կազմեն նաեւ սիրուած երգիչներ Ներսիկ Իսպիրեան, «ՎԻԶԱ» նուագախումբ, Սագօ եւ Անթուան Պէզճեան:
Յաջորդող երեք օրերու յայտագիրներուն պիտի մասնակցին հետեւեալ արուեստագէտները.
– Ուրբաթ, 3 Յուլիս՝ Անթուան Պէզճեան, R-MEAN, Յարութ Յակոբեան, Մաքսիմ, Արթին Պետրոսեան եւ ուրիշներ:
– Շաբաթ, 4 Յուլիս՝ Յարութ Փամպուքճեան, Կոր Մխիթարեան, Արա Շահպազեան, «Էրեւանսքի», Սահակ Սիսլեան եւ ուրիշներ:
– Կիրակի, 5 Յուլիս՝ Ժոզէֆ Գրիգորեան, Գառնիկ Սարգիսեան, Արնօ, Անթուան Պէզճեան, Ռոպերթ Չիլինկիրեան եւ ուրիշներ:
Ուրբաթ, 4 Յուլիս 2009ը յայտարարուած է նաեւ մանկական օր, որուն ընթացքին մանկական յատուկ ծրագիրներ պիտի գործադրուին նշանակուած յատուկ վայրին մէջ: Մանուկներու համար պիտի կազմակերպուին զուարճալի խաղեր, դէմքեր ներկել, Ձեռային աշխատանքներ եւ ուրախ ծրագիրներ: Փոքրիկներուն պիտի այցելէ եւ իր մանկական անոյշ երգերով զանոնք պիտի խանդավառէ «Հոյ Լարի»ն:
Փառատօնի շրջափակէն ներս տեղադրուած են տեղական առեւտրականներու, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու առեւտրական եւ ճաշի կրպակներ: Պիտի վաճառուին հայկական համադամ ճաշեր, զովացուցիչներ, հայկական եւ տեղական պաղպաղակ, սուրճ եւ մանաւանդ հայկական լաւաշ հաց:
ՄՈՒՏՔԻ ՍԱԿ
Այս տարի Նաւասարդեան մարզախաղերու մուտքի սակերը բոլոր օրերուն ալ նոյնն են: 12 տարեկանէն վար երեխաներու մուտքը միայն $4 (չորս տոլար) է, իսկ մեծերունը՝ $7 (եօթը տոլար):
Մուտքի տոմսերը նախապէս ստացողները յատուկ զեղջ պիտի ստանան:
ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Ամիսներու մրցակցութեանց աւարտը պիտի նշուի յատուկ հանդիսութեամբ Կիրակի, 5 Յուլիս 2009ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30ին, Պըրմինկհամ Հայ սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ:
Օրուան կարճ պատգամներէն ետք պիտի յանձնուին Նաւասարդեան Մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը հանդիսացող յաղթանակի բաժակները եւ պիտի տողանցէ շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը՝ Շրջ. վարչութեան հովանաւորած նուագախումբին առաջնորդութեամբ:
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄի յաղթանակներով յագեցած հանրութիւնը նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակէ փառատօնի շրջափակէն ներս: Համադամ ճաշերուն առընթեր պիտի հրամցուին նաեւ գեղեցիկ անակնկալներ:
2-5 շաբաթավերջին, բոլորս ներկայութիւն պէտք է ըլլանք ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու եզրափակիչ ձեռնարկներուն: Մեր ժամադրավայրը Պըմինհամ Հայ սքուլի շրջափակն է:
Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է այցելել www.navasartiangames.com կայքէջը, կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344-4300 թիւին: