ԹԻՒ62
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Զաքար, ի՞նչ է կարծիքդ ներկայ տնտեսական տագնապին մասին: Այս տարուան ընթացքին, աշխարհի մէջ կարգ մը խեղճ քաղաքացիներ մոխիրի վրայ նստեցան, ինչպէ՞ս պիտի ապրին այդ տագնապահարները:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Կեանքի ընթացքին կան կարգ մը ելեւէջներ, որոնք զանազան խմբաւորումներու, ընկերութիւններու, ընտանիքներու եւ անհատներու տնտեսական վիճակը զինակոչի կ՛ենթարկեն, կեանքի մակընթացութիւնն ու տեղատուութիւնը անոնց կը հրամցնէ կամ կը պարտադրէ անսպասելի անակնկալներ, բարիքներ, ցաւեր, տագնապներ, ուրախութիւն կամ զրկանք: Բազմաթիւ հարուստներ կ՛աղքատանան, սակաւաթիւ աղքատներ կը հարստանան:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Հայազգի բարերար Քըրք Քըրքորեանի ունեցած 14 միլիառ տոլարէն մնացած է միայն 5 միլիառ տոլար, վնասած է 9 միլիառը: Իր հարստութեան երկու երրորդը շոգիացած է. Քըրքը ինչպէ՞ս պիտի ապրի ասկէ ետք, այս ալ կեա՞նք է: Մէյ մը մտածէ, Զաքա՛ր, գրպանիդ 1400 տոլարէն մնայ 500 միայն:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Քըրք Քըրքորեան ինքզինք թող մխիթարէ, որովհետեւ իրմէ առաջ կան 97 այլ միլիառատէրեր, որոնք աւելի կորսնցուցած են, քան ինք: Ինք 98րդն է: 25 տարիներու ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն տնտեսական նահանջը արձանագրուեցաւ 2008ի վերջերը: Բազմաթիւ ընկերութիւններ սնանկացան, տասնեակ հազարաւոր պաշտօնեաներ եւ գործաւորներ գործէ արձակուեցան: Ամերիկայի այս նահանջէն վարակուեցան նաեւ աշխարհի զանազան մեծ ու փոքր երկիրներ, ճափոնական «Հիթաշի» ու «Էն.Ի.Սի.» ընկերութիւնները տասնեակ հազարաւոր պաշտօնեաներ գործէ արձակեցին: Հնդիկ Անին Ապմանի կորսնցուց 30 միլիառ տոլար՝ ունեցածին 90 տոկոսը: Օլեկ Տերիփասքը՝ 18 միլիառ…
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Զաքար ջան, այս յիշած անձերդ վնասած են իրենց միլիառները, շատ լաւ, բայց, կորսուած միլիառները ո՞ւր գացած են… ո՞վ շահեցաւ:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- «Էքսոն-Մոպիլ» 2008ին 45 միլիառ շահ, «Շեւրոն» 24 միլիառ շահ: Եւ տակաւին այլ ընկերութիւններ: Դրամը չի կորսուիր, տեղէ տեղ կը շրջի, օր մըն ալ կը տեսնես միլիառներուն ձայնը… Հայաստանէն կու գայ:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Ուրեմն 2009ի անգութ տնտեսութիւնը պատճառ եղաւ որ աղքատները շատնան աշխարհի վրայ: Հիմա ո՞ւր պէտք է դիմեն այս խեղճերը, ինչպէ՞ս պիտի ապրին անոնք ասկէ ետք, մեղք չե՞ն: Ինչ դժուար է կորսնցնելը:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ուրեմն, սիրելի Ասպետ, 2007 թուականի հիման վրայ, հաշիւը հետեւեալն է: Աշխարհի վրայ աղքատութիւնը յաղթած է 30 տոկոսով, ուրեմն հարուստներուն թիւը պարտուած է եւ մնացած է միայն 70 տոկոս: Աշխարհի ամենահարուստ անհատը Պիլ Կէյցն է. խեղճը 18 միլիառ տոլար կորսնցուցած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին, բայց տակաւին աշխարհի ամէնէն հարուստ անհատն է 40 միլիառ տոլարով: Ուորըն Պաֆէթ, 37 միլիառ տոլարով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը՝ կորսնցուցած ըլլալով 25 միլիառ տոլարի գումար մը: Մեքսիքացի Քարլոս Սլիմ Հըլու, որ նոյնքան գումար մը վնասած է, կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Շատ չերկարենք, վախնամ հերթը կամաց-կամաց կու գայ մեր դրամապանակներուն…:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Տնտեսութեան անկումը կարգ մը հարուստներ դարձուցած է սակաւախօս. անոնք առաջ կը խօսէին իրենց հարստութեան չափերով, չայպանենք, աղքատութիւնը հո՞ս պէտք է հասցնէր զիրենք, մեղք չե՞ն, մաղթենք, որ իրենց աղքատութիւնը զիրենք վերջնականապէս մունջ չդարձնէ: Լսենք նոր հարուստներուն ձայնը:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ի քաղցր տեսութիւն: Կը խօսինք յաջորդիւ:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)