ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը հաւանական է, որ կայանայ Յուլիսի կիսուն, Մոսկուայի մէջ:
Այդ մասին նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավարներուն եւ միջնորդներուն հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք:
«Այդ բանակցութիւնների ընթացքին ամրապնդուած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները եւ որոշ ոլորտներ, որոնց պարագային հնարաւոր է ապագային դրական արդիւնքներու հասնիլ եւ որոնց առթիւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները փոխզիջման նպատակով, նոր առաջարկներ կատարած են: Այդ ծիրէն ներս միջնորդները որոշած են յաջորդ ամսուան սկիզբը եւս մէկ այցելութիւն կազմակերպել Պաքու, Երեւան եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ երկու նախագահներու հանդիպումը նախապատրաստելու նպատակով: Այդ հարցին գծով ձեռք բերուած է սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն. այսպիսով, Յուլիսի կէսին Մոսկուայի մէջ կրնայ կայանալ բարձր մակարդակով հանդիպում», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: