ԱՆԳԱՐԱ «Արմէնփրէս».- Ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ արձանագրուած է ամենամեծ տնտեսական անկումը՝ 13.8 տոկոս:
«Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութեան տակ անկումը աճած է տարեսիկզբէն, եւ երկիրը վատագոյն տնտեսական անկում ապրած է: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը արդէն կէս տարի է, որ անկում կ՛ապրէ եւ պաշտօնապէս նահանջի փուլ մտած է», մեկնաբանած են CNBC հեռատեսիլի ալիքի մասնագէտը:
Անցեալ տարուան վերջին եռամսեակին, Թուրքիոյ տնտեսական անկումը կազմած էր 6.2 տոկոս: