ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
53 տարի առաջ, 24 Յունիս 1956ի վաղ առաւօտեան, անակնկալ անհանգստութեամբ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ, նոյն կէսօրին, մեր կեանքէն ապաժամ հեռացաւ Գաղափարի մեծ մարտիկն ու Դաշնակցական Հսկան։
Ընկեր Վահան Նաւասարդեան ոչ եւս է՝ գուժեց «Յուսաբեր»ը, ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթը, որ ձեռակերտն ու միանգամայն պատուանդանը հանդիսացաւ բոցաշունչ հրապարակագրին։
Աշխարհով մէկ, Միջին Արեւելքի հայօճախներէն մինչեւ Յունաստան, Ֆրանսա, Մ. Նահանգներ ու Հարաւային Ամերիկա, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը՝ իր շարքերով եւ կառոյցներով, գաղափարակից միութիւններով ու ուղեկից ազգային իշխանութիւններով, պաշտօնական սուգ պահեց օրերով։ Ի դէպ, յունահայ գաղութը տասնօրեայ սուգ յայտարարեց՝ ըստ արժանւոյն ոգեկոչելու համար իրեն այնքան սրտամօտ Ազգային Գործիչին կորուստը։ Եւ վարագոյրը իջաւ կեանքին ու գործունէութեան վրայ գաղափարական պայքարի այն անխոնջ Դրօշակիրին, որուն աշխատունակութիւնը առասպելական էր՝ օրական մինչեւ 16 ժամի հասնելով։
Անցեալ դարու քսանականներու երկրորդ կէսէն մինչեւ, այդպէ՛ս, անսպասելի իր մահը Վահան Նաւասարդեան անվիճելիօրէն հանդիսացաւ Հայկական Յեղափոխութեան եւ անոր ամէնէն մարտունակ ու կազմակերպ հոսանքին՝ Դաշնակցութեան ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական–ռազմավարական ուղին վերանորոգող, դիմագրաւած նորայայտ խութերը յաղթահարող եւ լուսաւոր գալիքին հունը հարթող Առաջատար Մտածողը։
Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս տարագիր հայութեան կեանքի երեսնամեայ այդ ամբողջ ժամանակաշրջանը, փաստօրէն, դրոշմուեցաւ տիրական ու ղեկավար ներգործութեամբը Վահան Նաւասարդեանի եւ դաշնակցական մեծանուն միւս Հսկային՝ իրմէ միայն երեք ամիս առաջ մահացած ԴՐՕի։ ՀՅԴ իրերայաջորդ Բիւրոներուն իրենց երկարամեայ անդամակցութեամբ եւ առանձնայատուկ սերտ գործակցութեամբ՝ Դրօ իբրեւ մրրկածին մարտիկ եւ Նաւասարդեան իբրեւ ռազմաշունչ գաղափարախօս, տիրական ու ղեկավար ներկայութիւն դարձան այն աստիճան, որ գաղափարական կեդրոնացման նախադէպ առաջացոււցին Դաշնակցութեան կեանքին մէջ՝ երբեմն նաեւ անձնակեդրոն ղեկավարման վտանգին ու տագնապին մատնելով ապակեդրոնացման իր աւանդներով միս ու ոսկոր կապած ՀՅԴ կազմակերպութիւնը։
Բայց այդ մասին կ՛արժէ առանձին անդրադարձ կատարել, որովհետեւ նաեւ անուրանալի իր նպաստը ունեցաւ Դրօ–Նաւասարդեան երկեակով հունաւորուած գաղափարական կեդրոնացումը՝ կազմակերպական ապակեդրոնացումը պաշտպանելով տարագրութեան պայմաններէն եկող եւ խաղաղ միջոցներով մղուած քաղաքական պայքարի ժամանակ ցցուող ուրիշ վտանգի մը, տեղայնամտութեան չարիքին դէմ։
Նման տարողութեամբ եւ դերակատարութեամբ Գործիչի մը ոգեկոչման յատկացուած է յուշատետրի 24 Յունիսի էջը։ Ղարաբաղի ծնունդ էր Վահան Նաւասարդեան։ 29 Նոյեմբեր 1886ին ծնած էր Շուշի, որուն ռէալական վարժարանը աւարտելէ ետք, յաճախած էր Պաքուի առեւտրական վարժարանը։ Այնուհետեւ բարձրագոյն իր ուսումը ստացած էր Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ՝ վկայուելով Տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն։
Ուսանողական տարիքէն հռետորական եւ հրապարակագրական իր տաղանդը դրսեւորած էր Նաւասարդեան։ Յանդուգն նկարագրի եւ յախուռն գաղափարներու տէր երիտասարդ էր, երբ Շուշիի մէջ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան ու կազմակերպական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց աշակերտական եւ ուսանողական շրջանակներու մօտ։ Իբրեւ այդպիսին՝ 1905ին ընտրուեցաւ երիտասարդ պատգամաւոր, մասնակցելու համար Էջմիածնի մէջ գումարուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, որուն նախագահեց Սիմոն Զաւարեան։ Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ հայկական ընդվզումի, ինչպէս եւ համառուսական առաջին յեղափոխութեան ու հայ–թաթարական ընդհարումներու բուռն եւ խառն ժամանակաշրջանն էր։
Հարիւրաւոր պատգամաւորներու ներկայութեան երիտասարդ Նաւասարդեանի բոցաշունչ ելոյթը՝ ցարական իշխանութեանց հակահայ եւ գրգռիչ քաղաքականութեան դէմ, արժանացաւ ոչ միայն Ժողովի գնահատանքին, այլեւ ցարական ոստիկանութեան ուշադրութեան, որուն արձակած ձերբակալման հրամանագրէն Նաւասարդեան մազապուրծ ազատեցաւ՝ փախուստի դիմելով։
Ս. Փեթերսպուրկէն վերադառնալով Պաքու՝ Նաւասարդեան լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքի, միաժամանակ աշխատակցելով շրջանի դաշնակցական մամուլին, Պաքուի «Արեւ»ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին եւ Շուշիի «Ապառաժ»ին։ Այս շրջանին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Ոսկանապատի (Պաքուի) Կ. Կոմիտէի անդամ, որ օրին արեւելահայ իրականութեան մէջ գործող դաշնակցական ամէնէն ծանրաբեռնուած մարմինն էր։
1917ին, Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ Գարեգին Եպիսկոպոսի հրաւէրով, ուսուցչական ծառայութեան կոչուեցաւ եւ, նորահաս սերունդի գաղափարական պատրաստութեան կողքին, կազմակերպական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց իբրեւ ՀՅԴ Մրգաստանի (Երեւան) Կ. Կոմիտէի անդամ։ Վահան Նաւասարդեան արդէն իր քաղաքական եւ գաղափարական տարերքին բարձրակէտին է։ Ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով քայքայուող կովկասեան ռազմաճակատի վերաշխուժացման դրօշակիրներէն է եւ քաղաքական ու կազմակերպական մեծ ներդրում կ՚ունենայ դասալիք կամ «տուն կանչուած» ռուս զինուորներու դիրքերը հայ կամաւորական ուժերով պահպանելու դժուարին գործի իրականացման մէջ։
Կ՚ընտրուի անդամ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) Քաղաքային Վարչութեան, որուն նախագահն էր, այդ օրերուն, Ալեքսանդր Խատիսեան։ Իսկ երբ Խատիսեան կը կանչուի Թիֆլիս, Նաւասարդեանի կը յանձնուի Ալեքսանդրապոլի Քաղաքապետի պատասխանատուութիւնը։
Քաղաքապետի այդ առաքելութիւնը եւս Նաւասարդեան յաջողութեամբ պսակեց՝ իր բախտորոշ ներդրումը ունենալով Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի կազմակերպման մէջ։
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, Վահան Նաւասարդեանի յանձնուեցաւ Թիֆլիսի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը։ Հայ–ռուսական եւ հայ–վրացական յարաբերութիւններու կանոնաւորման լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Վահան Նաւասարդեանի վիճակուեցաւ, թէ՛ գաղափարական եւ թէ քաղաքական առումներով, Թիֆլիսի մէջ հայանպաստ հող պատրաստելու դժուարին, այլ զգայուն պատասխանատուութիւնը։ Բայց հայ–վրացական յարաբերութիւնները արագօրէն վատթարացան, պատերազմը անխուսափելի դարձաւ եւ, հայկական ու վրացական զօրքերու միջեւ բախումներու շրջանին, Նաւասարդեան ենթարկուեցաւ Թիֆլիսի ոստիկանութեան հետապնդումին, անցաւ ընդյատակ եւ իր թագստոցէն վարեց հայ–վրացական հաշտութեան բանակցութիւնները։
Այնուհետեւ ընտրուեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ փոխադրուեցաւ Երեւան։ Օրէնսդրական աշխոյժ գործունէութեան կողքին՝ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին–դիւանագիտական աշխատանքներու հունաւորումին, յատկապէս հայեւռուսական բանակցութիւններու շրջագիծէն ներս։
1920ի աշնան սաստկացած քեմալական ներխուժման շրջանին, Նաւասարդեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ ռազմաճակատի կազմակերպման ու ամրապնդման աշխատանքներուն։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, կ՛որոշէ արտասահման անցնիլ, բայց վրացական սահմանի վրայ կը ձերբակալուի եւ Երեւան կը բերուի ու կը բանտարկուի։ Կը յաջողի բանտէն փախուստ տալ, Պաթումի վրայով արտասահման կ՛անցնի, կարճ ժամանակով կը գործէ Պոլսոյ մէջ եւ, 1923էն ետք, վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ, Եգիպտոս։
Վահան Նաւասարդեանի սփիւռքեան գործունէութեան աւելի քան երեսնամեայ շրջանը նոյնացաւ Եգիպտոսի հայ գաղութի, յատկապէս «Յուսաբեր»ի պատմութեան հետ։ Ստանձնելով «Յուսաբեր»ի խմբագրութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարագիր ղեկավարութեան Գահիրէ կեդրոնացումէն, Նաւասարդեան յաջողեցաւ գաղափարական ճառագայթումի գլխաւոր կեդրոնի մը վերածել Եգիպտոսի դաշնակցական կազմակերպութիւնը։ Իր շուրջ համախմբելով տեղական թարմ ուժեր եւ հաւատաւոր երիտասարդներ՝ ան կրցաւ ոչ միայն «Յուսաբեր»ը վերածել պատուաբեր հաստատութեան մը, այլեւ՝ թափ տալ համասփիւռքեան ընդգրկումով ազգային–հասարակական եւ մշակութային–կրթական ծաւալուն գործունէութեան։ Այդ ճամբուն վրայ հիմնական նուաճում մը հանդիսացաւ «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան հիմնադրութիւնը, որուն նախաձեռնողները գլխաւորաբար Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան եղան, բայց Համօ Օհանջանեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ Ստեփան Եսայեանի պէս հեղինակութեանց կողքին նաեւ ու մանաւանդ Նաւասարդեան իր կարեւոր աջակցութիւնը բերաւ։
Ե՛ւ եգիպտահայ գաղութի, ե՛ւ «Յուսաբեր»ի (իր օրաթերթով, յաւելուածներով ու հրատարակչականով) կեդրոնական դերակատարութիւնը աւելիով շեշտուեցաւ 1933ի ՀՅԴ 12րդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք։ Նորընտիր Բիւրոյի նստավայրը Փարիզէն Գահիրէ տեղափոխուեցաւ, իսկ 1933ի Յունուարին հրատարակութենէ դադրած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի երկարատեւ (ի դէպ, մինչեւ 1969ի Պէյրութ վերահրատարակութիւնը) բացը լեցնելու եկաւ «Յուսաբեր»ը, իբրեւ անպաշտօն ՀՅԴ կեդրոնական օրգան։
Սփիւռքեան աւելի քան երեսնամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի շուրջ քառորդ դարու անդամակցութիւնը Վահան Նաւասարդեանի անունին կապեցին գաղափարական եւ քաղաքական աշխատութիւններու ամբողջ ժառանգութիւն մը։ Իր աշխատունակութեան շնորհիւ, Նաւասարդեան յաջողեցաւ թէ՛ հասնիլ օրաթերթի հեւքոտ ու մաշեցնող առօրեայ պարտաւորութեանց, թէ՛ հայ քաղաքական մտքի գանձարանը հարստացնել մնայուն արժէք ներկայացնող երկերով։ «Ի՞նչ չէր եւ ի՞նչ պիտի լինէր մեր ուղին», «Հ.Յ.Դաշնակցութեան Անելիքը», «Դաշնակցութեան «Լիկուիտացիան», «Ընկերվարութիւնը եւ Դեմոկրատիզմը», «Դաշնակցութեան քաղաքական ուղին», «Եղիշէ Չարենց», «Աշխարհի նոր բաժանումը», «Նեղուցները», «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը», «Մեր աննման տղաքը», «Գաղափարների Ոգին», «ՀՅԴ Գաղափարաբանութիւնը» եւ այլ խորագիրներու տակ առանձին հատորով լոյս տեսած Վահան Նաւասարդեանի գործերը, ինչպէս նաեւ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած անոր յօդուածաշարքերն ու ուսումնասիրութիւնները անկորնչելի հարստութիւնը դարձան դաշնակցական մտածողութեան։
Անոնք հունաւորեցին Դաշնակցութեան տարագիր շրջանի քաղաքական ռազմավարութիւնը՝ հակահամայնավար գաղափարական պայքարի, արեւմտամէտ կողմնորոշումի եւ ժողովրդավարական արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։
Սերունդներու ազգային–քաղաքական եւ յեղափոխական–դաշնակցական կազմաւորման հիմնական աղբիւրներ եղան։ Նաեւ ու մանաւանդ՝ քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդի գաղափարական շարժումներու վերանորոգման ընդհանուր հունին մէջ, վերաթարմացուցին հայ քաղաքական միտքը՝ դաշնակցական աշխարհայեացքն ու մտածողութիւնը դարու ոգիին հետ այժմէականացնելով։
Նոյնիսկ այսօր, իր ապաժամ մահէն 53 տարի ետք ալ, Վահան Նաւասարդեան այժմէական իր պատգամը ունի հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն։
Հայաստանի անկախութեան պահպանումն ու հայոց ազգային պետականութեան ամրապնդումը ամէն բանէ վեր դաւանող Նաւասարդեանի կտակը այսօր եւս, աւելի քան երբեք, կ՛առաջնորդէ հայ քաղաքական միտքը։
Ժողովրդավարական արժէքներու վրայ խարսխուած ընկերվարական արդարութեան եւ հաւասարութեան ձգտելու Նաւասարդեանի կտակը, նոյնպէս, համահունչ կը մնայ 21րդ դարու գաղափարական որոնումներու կիզակէտին։ Իսկ վեհ գաղափարներու ոգիով սեփական կեանքն ու ամբողջ ազգի եւ հասարակութեան լինելիութիւնը հարստացնելու Նաւասարդեանի կտակը, անկասկա՛ծ, բոլոր ժամանակներուն եւ սերունդներուն ուղղուած պատգամ է ամէն բանէ առաջ եւ վեր։