ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, 25 Յունիսին, Լոս Անճելըսի Պիլթմոր հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ-ընդունելութիւն մը՝ «Մեքսիքացի եւ հայ համայնքներու կամրջում» թեմայով: Սոյն ընդունելութեան ընթացքին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի եւ Մեքսիքայի հիւպատոսներ Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Խուան Մարքոս Կիթարէզ-Կոնզալէս, միասնաբար յայտարարեցին ստեղծումը Հայ-մեքսիքական աշխատանքային խումբի մը:
Ստեղծուած խումբը, որուն սկզբնական վեց անդամները ներկայացուեցան տեղւոյն վրայ, պիտի աշխատի երեք ոլորտներու մէջ համակարգելու երկու համայնքներուն միջեւ սերտ գործակցութիւն յառաջացնելու միտող ծրագիրներ: Խումբը պիտի աշխատի հայ եւ մեքսիքացի համայնքներէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու եւ պիտի ջանայ միացեալ ուժերով դիմագրաւել երկու համայնքներուն դէմ ծառացած հասարակաց մարտահրաւէրները:
Ստեղծուած խումբին մէջ հայ ներկայացուցիչներն էին Մարիա Միհրանեան (առողջապահական ոլորտ), Շահէ Մազպանեան (գործարար ոլորտ) եւ Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեան (կրթութիւն եւ մշակոյթ):
Նախաճաշ-ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր յանձնախումբի մը կողմէ, որուն պատուոյ նախագահն էր քոնկրէսմէն Էտըմ Շիֆ: Յանձնախումբի միւս անդամներն էին երկու հիւպատոսները, նաեւ ԱՄՆի փոքր ձեռնարկութիւններու հարցերով զբաղող վարչութեան՝ Լոս Անճելըսի շրջանի տնօրէն Ալպերթօ Ալվարատօ, Սպանացիներու առեւտուրի պալատի նախագահ Սանտի քայաս եւ Ամերիկահայերու առեւտուրի պալատին կողմէ Շահէ Մազպանեան:
Ձեռնարկը վարեց Շահէ Մազպանեան, որ ներկայացուց սրահէն ներս գտնուող քաղաքական հիւրերը, որոնց շարքին էր Շէրիֆ Պաքան:
Օրուան գլխաւոր խօսնակը եւ, հաւանաբար, ձեռնարկի կազմակերպման կարեւոր խթաններէն մէկը Ուաշինկթընի մօտ Մեքսիքայի դեսպանն էր՝ հայազգի Արթուրօ Սարուխանը:
Նախքան դեսպանին խօսքը, Մազպանեան առիթ տուաւ Հայ եւ Մեքսիքական առեւտուրի պալատներու ղեկավարներուն, որ իրենց խօսքը փոխանցեն աւելի քան երկու հարիւր հայ եւ մեքսիքացի գործարարներուն ու հասարակական գործիչներուն, որոնք ընդառաջելով կազմակերպողներու հրաւէրին՝ եկած էին ունկնդրելու դեսպան Սարուխանին:
Դեսպանի կենսագրական գլխաւոր կէտերը ներկայացուց Ալպերթօ Ալվարատոն, որ Լոս Անճելըսի արեւելեան շրջանի ծնունդ է:
Արթուրօ Սարուխանի հօր ծնողները Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են, որոնք Քանատա գաղթելու ճամբուն վրայ, Մեքսիքօ հասած են ու որոշած են այդտեղ մնալ ու հաստատուիլ: Ինք՝ դեսպանը, իր խօսքին սկիզբը Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործեց, սակայն աւելի ուշ, «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագիր Աբօ Չափարեանի հարցումին պատասխանելով՝ յստակացուց, որ այդ եզրին գործածութիւնը իր անձնական տեսակէտն է եւ չի ներկայացներ Մեքսիքայի պաշտօնական դիրքորոշումը այս հարցին կապակցութեամբ: Ան նաեւ աւելցուց, որ իր կարծիքով, ճշմարտութիւնը կրնայ յաղթահարել ամէն ինչ՝ ազատագրելով զայն թաքցնել ուզողներն իսկ:
«Ճանզ Հափքինզ» յայտնի համալսարանէն աւարտած դեսպան Սարուխան տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ՝ գլխաւորաբար կեդրոնանալով Մեքսիքա-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին վրայ, կատարելով անոր գնահատումը եւ ներկայացնելով զայն բարելաւելու ուղղութիւնները:
Նշենք, որ Սարուխան Ուաշինկթընի մօտ Մեքսիքայի դեսպան նշանակուած է 2007ին, նախագահ Ֆելիփէ Քալտերոնի կողմէ: