ՏՈՔԹ. ԱՐԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ
«Սահակ-Մեսրոպ» հայ քրիստոնեայ վարժարանը մեծ յաջողութիւններով աւարտեց 2008-2009 տարեշրջանը։ Այս տարի եւս հաւատարիմ մնալով մեր սկզբունքներուն՝ պետական ուսումնական ծրագիրները անթերի ամբողջացնելու կողքին, մեր թանկագին սաներուն դասաւանդեցինք Աստուածաշունչը, հայոց լեզուն ու դարաւոր պատմութիւնը։
Վարժարանը իր մանկամսուրէն մինչեւ 12 դասարաններ, այս տարի ընդունեց շուրջ 395 աշակերտ։ Հակառակ վարժարանի դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրներուն, յատկապէս Փալմ փողոցի վրայ գտնուող կալուածի արտօնագրին հետ կապուած, Հոգաբարձութիւնը, տնօրէն Շահէ Կարապետեանը, ուսուցչակազմը եւ ծնողները, միասնական ջանքերով իրենց կարելին ըրին՝ յաղթահարելու խոչընդոտները եւ ունենալու բազմաբեղուն տարեշրջան մը։
Մեր վարժարանը միշտ յաջողած է իր սաներուն տալ բարձրորակ երաժշտական կրթութիւն։ Այս տարի եւս, մեծատաղանդ երաժիշտներ, ժաննա եւ Արտաշէս Սինանեաններու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղաւ առաւել եւս բարձրացնել այդ մարզին մակարդակը։
Իբրեւ նորութիւն, այս տարի անոնք սկսան շաբաթօրեայ երաժշտական դպրոցը՝ երաժշտական գործիքներու եւ ձայնամարզութիւն բաժիններով։ Շուրջ 30 աշակերտներ կանոնաւորապէս հետեւեցան այդ դասընթացքներուն։
Վարժարանի բոլոր տօնական հաւաքոյթներուն՝ Թարգմանչաց, Ս. Ծնունդի, Վարդանանց, Եղեռնի սգատօնին եւ յատկապէս Տարեկան գարնանային համերգին, մեր աշակերտական նուագախումբերը, երգչախումբերը եւ մենակատարները անթերի ելոյթներ ունեցան՝ հիացնելով ներկաները։
Տարեշրջանի ընթացքին, մեր մարզական շարժումը նոյնպէս մեծ վերելք ապրեցաւ, շնորհիւ վարժարանի մարզական ղեկավար Ճէք Տապպաղեանի եռանդուն եւ ծրագրաւորուած աշխատանքին։ Ամիսներ շարունակ, անոր եւ օգնական մարզիչներու առաջնորդութեամբ, մեր սաները ունեցան կանոնաւոր ժամանակացոյցով մարզման պահեր, որոնց շնորհիւ ՀՄԸՄ «ՔԱՀԱՄ»ի եւ ՀԲԸՄի կազմակերպած մրցաշարքերուն հասան մեծ նուաճումներու։ Այս տարի մեր դպրոցի մարզական բաժնի ներկայացուցած ծրագիրը ընդունուեցաւ շրջանի բարձրագոյն վարժարաններու մարզական ընկերակցութեան կողմէ, որուն շնորհիւ մեր սաները առաջին անգամ ըլլալով առիթը ունեցան մասնակցելու պասքէթպոլի միջդպրոցական տարեկան մրցաշարքին։ Ի պատիւ մեր գլխաւոր մարզիչին եւ մեր մարզիկներուն, նշենք որ աղջկանց խումբը շահեցաւ Ա. դիրքը, իսկ տղոցը՝ Բ.։
Այս տարեշրջանին այլ նորութիւն մըն էր արուեստի արտադասարանային դասընթացքները՝ գծագրութիւն, նկարչութիւն եւ ձեռային աշխատանքներ, փորձառու արուեստագիտուհի Արփի Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ։
Քաջալերելով ընթերցասիրութիւնը՝ մեր աշակերտներուն համար Փետրուար ամսուն, «Սքոլասթիք» ընկերութեան մասնակցութեամբ, դպրոցի զոյգ բաժիններուն մէջ ունեցանք գիրքերու հնգօրեայ ցուցահանդէս-վաճառքներ։
Հայոց լեզուի ուսուցումը աւելի բարելաւուեցաւ փորձառու ուսուցիչներու մեր կազմին միացումով։ Այս տարի նոյնպէս շարունակեցինք Հայերէնը իբրեւ երկրորդական լեզու դասընթացքները, յատկապէս՝ օտար վարժարաններէ տեղափոխուած աշակերտներու համար։
Շարունակուեցան Հայկական պարի կանոնաւոր դասընթացքները եւ տարբեր առիթներով հաճոյքը ունեցանք վայելելու մեր աշակերտներուն գեղեցիկ պարերը։
Տարեշրջանի ընթացքին մեր աշակերտները առիթը ունեցան մասնակցելու բազմաթիւ այլ արտադպրոցային գործունէութիւններու, ինչպէս ճարտասանութեան, ուղղագրութեան եւ այլ մրցանքներու, իսկ վարժարանէն ներս ունեցանք նաեւ երաժշտական, թատերական եւ ասմունքի բազմաթիւ երեկոներ, արուեստի եւ գիտութեան աշակերտական ցուցահանդէսներ։
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Յունիս 10ին տեղի ունեցաւ մեր Նախադպրոցի ամավերջի հանդէսը՝ «Երգենք ու պարենք միասին» վերնագիրով։ Բացման խօսքը կատարեց Նախադպրոցի պատասխանատու տոքթ. Մէրի Իսկիկեան։ Մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած հանդէսին ընթացքին, մեր մանուկները բացառիկ հասունութեամբ ներկայացան եւ հիացուցին հանդիսատեսները իրենց ճոխ երգերով, սաղմոսներով, արտասանութիւններով, պարերով եւ յատկապէս երաժշտախառն ներկայացումով։ Տնօրէն Շահէ Կարապետեան, բարձր գնահատելով Նախադպրոցի պատասխանատուի եւ ուսուցչուհիներ Մարիա Վարդանեանի, Ազնիւ Թոմոճեանի, Յասմիկ Գազանճեանի, Հելէն Պետրոսեանի եւ օգնականներուն տքնաջան ու արդիւնաւէտ աշխատանքը՝ զիրենք գնահատեց նիւթական պարգեւներով։ Ռիթա Դաւիթեան կատարեց փակման խօսքը եւ աղօթքը։
Յունիս 12ին տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը՝ «Ներող հայրը» վերնագիրով։
Գեղարուեստական բաժինը դարձեալ ի յայտ բերաւ մեր փոքրիկներուն բազմատաղանդ ունակութիւնները։ Մեծապէս գնահատելի է պատասխանատու ուսուցչուհիներ Աշխէն Ճիվալակեանի, Լիւսի Ստեփանեանի, անոնց օգնականներու եւ Ժաննա Սինանեանի բծախնդիր աշխատանքը։
Ծաղիկ դասարանի 24 աշակերտներ տնօրէնէն ստացան իրենց առաջին վկայականները։
Վերջապէս Յունիս 19ի երեկոյեան, Փասատինայի Առաջին Նազովրեցի եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Երեք խումբ շրջանաւարտներու եւ ուսուցիչներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, Ե. դասարանի սաները արտասանեցին «Հայ աշակերտին ուխտը» եւ «Ամերիկեան ուխտը»։ Ապա, Լիւսի Ապաճեանի եւ Արտաշէս Սինանեանի առաջնորդութեամբ հնչեցին ազգային զոյգ քայլերգները, որմէ ետք Ե. դասարանի սաները աղօթքով, իսկ Ը. դասարանէն Ալեքսիս Աշճեան, բարի գալուստի խօսքերով ողջունեցին ներկաները։
Հինգերորդ դասարանցիներու շրթներէն հնչեցին «Ճան Երեւան» երգը եւ «Երեւան» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք տնօրէն Կարապետեան եւ դաստիարակ Թ. Պոքընուկըն դասարանի 20 շրջանաւարտներուն յանձնեցին վկայականները ու պատուոյ ցանկի մրցանակները։
Միջնակարգի ուղերձ կատարեց Արեգ Տէր Սարգիսեան, որմէ ետք Ը. դասարանի 29 աշակերտներ, տնօրէնէն եւ դաստիարակ Ռոլընտ Ուայլիէն ստացան իրենց վկայականները եւ մրցանակները։
Օրուան գլխաւոր բանախօս տոքթ. Գնել Դուրեան, իր «Շարունակել ընթացքը» վերնագրուած խօսքով, շրջանաւարտ աշակերտներուն խորհուրդ տուաւ ձգտիլ մեծ յաջողութիւններու, բայց երբեք չհեռանալ իրենց արմատներէն եւ յատկապէս՝ Հայր Աստուծմէ։
Հուսկ բանքէն ետք, տնօրէնէն եւ դաստիարակ Մ. Գրիգորեանէն, 12րդ դասարանի 7 շրջանաւարտներ ստացան իրենց դպրոցական երկար տարիներու աշխատանքին վարձատրութիւնը՝ վկայականները եւ մրցանակները։
Հայոց լեզուի ուսուցման մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար, «Ա. եւ Վ. Շանլեան» մրցանակին արժանացաւ ուսուցչուհի Մայտա Պապումեան, «Ա. եւ Ն. Գարագաշեան» մրցանակ ստացան ուսումնական լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները, իսկ «Խրիմեան» մրցանակը, ըստ աւանդութեան, յանձնուեցաւ հայերէն լեզուի մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունեցող աշակերտներուն։ Յատուկ գնահատանքի ծաղկէփունջեր ստացան տնօրէն Շահէ Կարապետեան, փոխտնօրէններ Ճէք Աղոյեան եւ դոկտ. Արա Իսկիկեան, ինչպէս նաեւ դաստիարակներ Ճիլ Պոքընուկըն, Ռոլընտ Ուայլի եւ Մկօ Գրիգորեան՝ դպրոցէն ներս իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքներուն համար։
Երեկոն աւարտին հասաւ «Հայր մեր»ով եւ դոկտ. Դուրեանի փակման աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Տարեշրջանը հազիւ աւարտած, կը գտնուինք մեծ մարտահրաւէրներու ընդառաջ։ Այսօր արդէն, «Սահակ-Մեսրոպ»ի մեծ ընտանիքը աշխատանքի լծուած է 2009-2010 տարեշրջանին անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներուն գծով։ Այսօր, գիտակցելով հանդերձ, որ բոլորս կ՛ապրինք տնտեսական ծանր օրեր, կոչ կ՛ուղղենք Փասատինայի եւ շրջակայքի հայ ծնողներուն, որպէսզի կատարեն նիւթական զոհողութիւններ եւ անպայման իրենց զաւակները վստահին հայ վարժարանին, յատկապէս՝ այս հեռաւոր ափերուն վրայ հայը հայ եւ քրիստոնեայ պահելու սրբազան գործին սատարող «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանին։
Վարժարանի գրասենեակը բաց է ամրան՝ Երկուշաբթիէն-Ուրբաթ։ Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել (626) 798-6633 թիւին: