ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 19ին վրացի սահմանապահներ արգիլած են ԱԺ պատգամաւոր, «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանին մուտք գործել Վրաստանի տարածք:
Պատգամաւորը Հզօր հայրենիք կուսակցութեան նախագահ Վարդան Վարդապետեանի, ՀՀ վարչապետի ԱՊՀ հարցերով նախկին խորհրդական Ստեփան Մարգարեանի եւ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Վահէ Յովհաննիսեանի հետ գերմանական «Ֆրիտրիխ Նաուման» հիմնադրամի առաջարկով եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ, Վրաստանի մէջ պէտք է հանդիպումներ ունենար պաշտօնեաներու, հասարակական գործիչներու, լրագրողական շրջանակներու հետ՝ քննարկելու æաւախքի խնդիրները եւ հայ-վրացական յարաբերութիւնները: Մասնաւորապէս, ֆոնտի ներկայացուցիչը Թիֆլիսի մէջ պայմանաւորուած էր Ռէինտէգրացիային փոխնախարարի, արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականի, «ռեզոնանսի» թերթի գլխաւոր խմբագրի եւ շարք մը կուսակցական, հասարակական գործիչներու հետ:
Յունիս 19ին Սադախլոյի անցակէտին վրայ, երբ պատուիրակութեան միւս անդամները առանց որեւէ խոչընդոտի անցած են բոլոր ձեւակերպումները եւ հատած են սահմանը, Շիրակ Թորոսեանին արգիլած են մուտք գործել Վրաստան: Սահմանապահները չեն կրցած որեւէ պատճառաբանութիւն ներկայացնել, բացի անկէ, թէ հրամանը վերադասի կողմէ է:
Շիրակ Թորոսեանին գրաւոր տեղեկանք տալու պահանջը մերժուած է, ինչպէս եւ որեւէ արդիւնքի չէ հասած ՀՀ ԱԳՆ փոխարտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեանի հեռախօսային զրոյցը իր վրացի գործընկերոջ հետ:
Չկարենալով դիւանագիտական ճանապարհով իրավիճակը հարթել՝ պատուիրակութեան բոլոր անդամները, ի նշան բողոքի, վերադարձած են Հայաստան: Վերադարձի ճանապարհին Շիրակ Թորոսեանին զանգահարած է Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանի պաշտօնակատարը եւ յայտնած, որ՝ «Գուցէ նորից ետ վերադառնան, գուցէ արդէն կը թողնեն»:
«Բնականաբար, մենք այլեւս չէինք կարող վերադառնալ, քանի որ ճշդուած համաձայնեցուածութիւն չկար, եւ դեսպանը «գուցէներով» էր խօսում, որ իբր թիւրիմացութիւն է եղել, բայց թիւրիմացութիւն իսկապէս չկար, որովհետեւ աւելի քան 1 ժամ սպասեցնելուց յետոյ, հերթափոխի պետը յայտարարեց. «Ցեզ արգելում են մտնել Վրաստան»», յայտնած է պատգամաւորը:
Շիրակ Թորոսեանի կարծիքով, դէպքի պատճառը իր հրապարակային գործունէութիւնն է: «Եթէ պատճառը դա է, ապա կոպտօրէն խախտւում է խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Եթէ ես խօսում եմ ջաւախքահայութեան իրաւունքների պաշտպանութեան մասին, եւ այդ առումով քննադատում վրաց իշխանութիւնների քաղաքականութիւնը՝ կոչ անելով միջազգային իրաւունքի նորմերին համապատասխան եւ միջազգային կառոյցների առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւնների ոգով ստանձնել ջաւախքահայութեան իրաւունքների պաշտպանութիւնը, ապա այդ դէպքում տարբերութիւն չկայ, ես շարունակելու եմ դա անել: Միեւնոյնն է, ես պայքարելու եմ, որպէսզի յարգուեն ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքները Վրաստանում», աւելցուցած է Շիրակ Թորոսեանը:
Պատգամաւորը յայտնած է, որ վերջին անգամ վրացական սահմանը հատելու ժամանակ, Նինոծմինդայի անցակէտին վրայ դարձեալ խնդիրներ առաջացած են՝ պատճառաբանելով համակարգիչի փչացած ըլլալը, բայց այդ ժամանակ որոշակի «պայքարից» յետոյ, պատգամաւորը յաջողած է անցնել æաւախք:
Ան համոզած է, որ Յունուարէն ետք տեղի ունեցած բողոքի շարժումը եւ հրապարակային ելոյթները հնարաւոր է, որ պատճառ դառնային սահմանը անցնելու արգելքին:
«Որպէս անձ՝ ես որեւէ խնդիր չունեմ, բայց դա վիրաւորանք է մեր պետութեան հասցէին: Ի վերջոյ, ես պատգամաւոր եմ եւ կառավարող կուսակցութեան ֆրակցիայի ներկայացուցի»չ, ըսած է պատգամաւորը:
Շիրակ Թորոսեան տեղեկացուցած է նաեւ, թէ Յունիս 21ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի նամակ յղած է Վրաստանին:
Յիշեցնենք, որ Շիրակ Թորոսեան ծնունդով Ջաւախքցի է, եւ անոր հարազատներէն շատերը կ՛ապրին այնտեղ:
ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանի դէպքին վերաբերեալ, Յունիս 22ին, յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «Միտք» վերլուծական կեդրոնը, որ Վրաստանի նախագահ Մ. Սահակաշվիլիէն կը պահանջէ, որ իր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ ե՛ւ Շ. Թորոսեանէն, ե՛ւ բազմահազար ջաւախքահայերէ, որոնք իւրաքանչիւր օր կը նուաստանան Հայաստան-Վրաստան սահմանային բոլոր անցակէտերուն վրայ:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Սա երկու երկրների պատմութեան մէջ իր նախադէպը չունեցող երեւոյթ է, երբ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեային առանց բացատրութիւններ տալու, արգելում են մտնել Վրաստանի կողմից վերահսկուող տարածքներ: Այս փաստն ինքնին մատնանշում է՝
– Վրացական պետութեան խուճապահար պահուածքը, երբ æաւախքի խնդրի արդարացի լուծման համար պայքարողներին հնարաւորինս հեռու են պահում խնդրոյ առարկայ տարածաշրջանից.
– Վրացական պետութեան լկտի պահուածքը Հայոց պետութեան նկատմամբ. սա յատուկ շեշտում ենք, քանի որ Շիրակ Թորոսեանը հանդիսանում է ոչ պարզապէս քաղաքացի կամ պաշտօնեայ, այլ՝ Ազգային ժողովում ՀՀ իշխող կուսակցութեան՝ ՀՀԿ ֆրակցիայի պատգամաւոր.
– Վրացական պետութեան մշտնջենական ոչ բարեկամական դրսեւորումների հերթական ապացոյցը հայկական կողմի նկատմամբ, երբ վրացիներն իրենց քայլերում անգամ հաշուի չեն առնում Վրաստանի նախագահի՝ ՀՀ մօտալուտ այցի փաստը, որտեղ, ինչպէս յայտնի է, բարձրացւում են «բարեկամութեան» աւանդական բաժակները.
– Ելնելով այն հանգամանքից, որ Շիրակ Թորոսեանը ծնունդով æաւախքի Գանձակ գիւղէն է, կապուած է իր հայրենի հող ու ջրի հետ, ունի այնտեղ բազմաթիւ հարազատ-բարեկամներ՝ նրան Վրաստանի տարածք արգելելու փաստը նաեւ համարում ենք վրացական պետութեան կողմից Շիրակ Թորոսեանի անձին բարոյական վիրաւորանք հասցնելու, մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնահարելու քայլ»: