ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Յունիս 27ին եւ 28ին տեղի պիտի ունենայ «Ալմաստ» օփերայի նոր բեմադրութեան առաջին ներկայացումը։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գայեանէ Դուրգարեանը։
Տեղեկութեան համաձայն, «Ալմաստ» օփերայի նոր բեմադրութեան բեմադրիչը՝ Ռուսիոյ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, պետական մրցանակի դափնէկիր Գէորգի Իսահակեանն է, իսկ բեմադրող ղեկավարը՝ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Եուրի Դաւթեանը։
Նշենք, որ Ալ. Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օփերայի առաջին ներկայացումը կայացած է 1930ին Մոսկուայի մէջ, իսկ 1933ին՝ Հայաստանի մէջ։