ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յուլիս ամսուան սկիզբը, Ագարակի պղինձի գործարանը պիտի վերսկսի իր արտադրական գործունէութիւնը: Անոր գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս ընդհատուած էր 2009ի Փետրուարին:
Տնտեսական ընդհանուր ճգնաժամը սկսելէ ետք (2008ի Հոկտեմբերին), գործարանը ունեցած է կորուստներ, որոնք կը համալրուէին բաժնետէրերուն կողմէ կատարուող ներդրումներով: Ճգնաժամի սկիզբը բաժնետէրերը գործարանին համար ներդրած են աւելի քան 15 միլիոն տոլար, որ ծախսուած է կորուստները փոխհատուցելու եւ ընկերային վճարները կատարելու համար:
«Գէոպրոմայնինգ» ընկերութիւնը կը կատարէ կառավարութեան եւ աշխատակազմի հանդէպ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Անիկա ունի 900 հազար աշխատակից:
Աշխատանքի կանգնեցման պահէն 500 աշխատակիցներ կը շարունակեն ստանալ իրենց ամբողջական աշխատավարձը, իսկ 400ը՝ աշխատավարձի երկու երրորդը:
«Ներկայումս կոմբինատում ընթանում են մաշուած սարքաւորումների վերանորոգման աշխատանքներ, աշխատանքներ են տարւում կառավարման կառուցուածքի օպտիմիզացման ուղղութեամբ», տեղեկացուցած է Ագարակի պղնձի գործարանի մամլոյ ծառայութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագրութիւնը, որ եւ յիշեցուցած է, թէ «Գէոպրոմայնինգ» ընկերութիւնը մասնագիտացած է բազմամետաղական հանքաքարերու (պղինձ, մոլիբդեն, անտիմոն) եւ թանկարժէք մետաղներու (ոսկի, արծաթ) արդիւնահանման, հարստացման որորտին մէջ:
«Գէոպրոմայնինգ» ընկերութեան հանքավայրերը եւ լեռնահարստացման գործարանները կը գտնուին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ: