ԹՈՔԻՕ.- Ճափոնական օրաթերթ մը Հինգշաբթի, Յունիս 18ին հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէա Յուլիսի սկիզբը Հաուայիի ուղղութեամբ միջցամաքային հրթիռ մը արձակելու աշխատանք կը տանի, մինչ Ռուսիա եւ Չինաստան Փիոնկեանկի կոչ ուղղեցին վերադառնալու իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ ապազինման բանակցութիւններուն։
Ըստ թերթին, 6500 քիլոմեթր (4000 մղոն) հասողութիւն ունեցող հրթիռ մը պիտի արձակուի Հիւսիսային Քորէայի հիւսիսարեւմտեան ծովեզերքէն։ Օրաթերթը լուրը վերագրած է Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութենէն ու Միացեալ Նահանգներու լրտեսական արբանեակներէն հաւաքուած տեղեկութեանց:
Հաուայիի կղզիները քորէական թերակղզիէն 7200 քիլոմեթր հեռու կը գտնուին: Ամերիկացի պաշտօնատարներու համաձայն, Հիւսիսային Քորէա 3-5 տարուան կը կարօտի՝ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ծովեզերքին վտանգ սպառնալու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.