ԱՐՑԱԽ, «Փանորամա».- Ըստ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տուած տեղեկութեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծի տարբեր հատուածներուն վրայ, Յունիսի սկիզբէն, պարբերաբար կը պատահին հրդեհներ, որոնց հիմնական պատճառը ատրպեճանական կողմէն արձակուող կրակոցներն են եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու հրկիզումները, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ կրակը կ՛անցնի ղարաբաղեան կողմ։
ԼՂՀ փրկարար ծառայութեան տեղեկութեան համաձայն, համապատասխան հատուածներուն մէջ սահմանուած է շուրջօրեայ հերթապահութիւն. հոն կը գործեն դաշտային հրշէջ-փրկարարական կէտեր։ Փրկարար ծառայութեան աշխատակիցներուն կ՛օգնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինծառայողները եւ բնակչութիւնը։ Կը ձեռնարկուին համապատասխան միջոցառումներ՝ հրդեհներու մարման եւ կանխարգելման համար։
ԼՂՀ ղեկավարութիւնը ատրպեճանական կողմին կոչ կ՛ընէ զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնց իբրեւ արդիւնք կը վնասուի շրջակայ միջավայրն ու կը վտանգուի մարդոց առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը։